«Սուրիոյ Հայութեան Օգնութիւնը Համահայկական Առաջնահերթութիւն Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն մէջ կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ գրաւել: Վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ է սուրիահայ հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառը կոչ ուղղեց Սուրիոյ հայութեան անմիջական օգնութեան` շեշտելով, որ «Սուրիոյ հայ գաղութը պատմական գաղութ է, կազմակերպ ու աշխուժ գաղութ է եւ յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ մեր պահանջատիրութեան համար: Հետեւաբար, անոր կազմակերպ ու կենսունակ պահպանումը համահայկական խնդիր է»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակով թելադրեց անմիջապէս լծուիլ Սուրիոյ հայութեան օգնութեան գործին` «միասնական ոգիով ու մասնակցութեամբ տուեալ գաղութի բոլոր կառոյցներուն»: Վեհափառը շեշտեց, որ «համահայկական տագնապները համահայկական ճիգով հարկ է դիմագրաւել` հեռու ամէն տեսակ ներքին զգայնութիւններէ»: Եւ նկատի ունենալով Սուրիոյ հայութեան օգնութեան անյետաձգելի հրամայականը եւ որպէսզի կարենայ մօտէն հետեւիլ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, վեհափառ հայրապետը ջնջեց յառաջիկայ հոկտեմբերին իր կատարելիք հովուապետական այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին:

Երէկ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ժողովին, դարձեալ լայնօրէն քննարկուեցաւ Սուրիոյ հայութեան ներկայ կացութիւնը: Վեհափառը ողջունեց համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհական պատասխանատուներուն նուիրեալ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին խոր հաւատքը եւ ամուր վճռակամութիւնը` կառչած մնալու իր կառոյցներուն ու սուրիական հայրենիքին: «Դժբախտաբար, որոշ լրատուական օրկաններ եւ կրօնական ու քաղաքական որոշ շրջանակներ, հայ թէ օտար, միակողմանի ու անճիշդ կերպով կը ներկայացնեն Սուրիոյ հայութիւնը եւ յատկապէս սուրիական տագնապին գծով անոր մօտեցումները: Ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած վերլուծումները եւ վերագրումները  սկսած են սխալ տպաւորութիւններ յառաջացնել Սուրիոյ մեր համայնքին նկատմամբ», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ու ապա վեհափառը աւելցուց. «Հարկ է ըլլալ արթուն, զգօն եւ զգոյշ. այս կացութեան մէջ պէտք չէ անտեսել նաեւ թրքական գործօնը»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ` «Սուրիոյ հայութիւնը տէրն է իր ճակատագիրին: Ինք անբաժան մասն է սուրիական հայրենիքին, ջերմօրէն հաւատացողն է քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան. կապուած կը մնայ Սուրիոյ ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ կը մերժէ որեւէ արտաքին ճնշում, որ կը փորձէ հարցականի տակ առնել իր կապուածութիւնը Սուրիոյ ու անոր ազնիւ ժողովուրդին, որոնց հանդէպ ինք կը մնայ երախտապարտ` երբեք չմոռնալով եղբայրական այն ոգին, որ ցոյց տրուեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ թրքական ջարդերէն ետք»: Վեհափառը միաժամանակ յիշեցուց, որ «հայ ժողովուրդի զաւակները, ուր որ ըլլան, միշտ յանձնառու կը մնան արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան, ինչպէս նաեւ կրօններու, մշակոյթներու եւ ազգերու խաղաղ գոյակցութեան»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )