«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆՈՎ ԼԱՅՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

«Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն բաժինով ապրիլ ամսուան նիւթերու կարգին մեծ տեղ կը գրաւեն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գրութիւնները, վերլուծական յօդուածները, Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու վկայութիւնները:

Արդարեւ, յօդուածներու եւ վկայութիւններու բաժինով կը կարդանք Գէորգ Աբէլեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքի արաբերէն թարգմանութեան մէջ տեղ գտած կարգ մը պատմութիւններ, որոնց մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին քրտացած-իսլամացած հայերու պատմութիւնները, անոնց բացայայտման ձեւերը, իւրաքանչիւրին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապը եւ հայկականութեան կառչածութիւնը:

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը յատուկ հարցազրոյց կատարած է Եգիպտոսի մէջ պատմութեան դասախօս դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամի հետ` Հայոց ցեղասպանութեան, Հայ դատին, այս գծով անոր կատարած ուսումնասիրութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման մասին: Ան յայտնած է, որ իր աշխատասիրութիւններուն ընդմէջէն կը միտի արաբական հանրային կարծիքը իրազեկ դարձնել պատմական իրողութիւններուն:

Ահմետ Շուհանի ստորագրութեամբ վկայութիւններ տեղ գտած են Տէր Զօրի մասին, ինչպէս նաեւ Հայ դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան առնչուած:

Արաբերէն կայքէջին վրայ կը կարդանք նաեւ Սառա Խաթունի պատմութիւնը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի այն, որ Նազիմ փաշան սիրահարած էր անոր եւ ամէն տեսակ չարչարանքի ենթարկած էր զայն, որովհետեւ Սառա Խաթուն մերժած էր փաշային սէրը:

Կայքէջին վրայ կը կարդանք նաեւ Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան զարգացումներուն առնչուած վերջին իրադարձութիւնները, օրինակ` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Եւրոպական եկեղեցիներու խորհրդաժողովին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, Իրանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ժապաւէնի ցուցադրութեան առիթով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ լուրեր:

Յօդուածով մը լուսարձակի տակ կ՛առնուին նաեւ արաբ հանրային կարծիքին, նաեւ պաշտօնական մակարդակներու վրայ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ եւ զայն ճանչնալու ուղղութեամբ առնուած անբաւարար քայլերը, ինչ որ ամօթալի է արաբներուն համար, որոնց երկիրներուն մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր:

Կայքէջին վրայ այլ յօդուածներով անդրադարձ կը կատարուի Հայոց ցեղասպանութեան փաստացիութիւնը հաստատող ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ մշակութային սպանդին, զոր կը շարունակէ գործադրել Թուրքիա:

 

Share this Article
CATEGORIES