ԱԹԼԵԹԻԶՄ. – ԿՐԵԹԹԱ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ – ԼՈՌԻ ԹԱՇՃԵԱՆ ԵՒ ԱՐԻՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ
Կազմակերպութեամբ «Ինթըր Լեպանոն» ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մարզական աւանի դաշտին վրայ տեղի ունեցան աթլեթիզմի մրցումներ (վազք, սկաւառակ արձակել, գունտ նետել եւ այլն)` մասնակցութեամբ լիբանանեան բազմաթիւ ակումբներու:
«Ինթըր Լեպանոն» ակումբին մաս կազմող Կրեթթա Թասլաքեան տիրացաւ երկու առաջնութեան: Ան 100 մեթր վազքի մրցումներուն 11″ 80 արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Մահա Մոալլեմը (Անսար), որ արձանագրեց 12″ արդիւնք մը:
Իսկ 400 մեթր վազքի մրցումներուն, արձանագրելով 56″ 50 արդիւնք մը, Կրեթթա Թասլաքեան տիրացաւ իր երկրորդ առաջնութեան: Այս մրցումներուն Լոռի Թաշճեան (Շանվիլ)` արձանագրելով 1′ 01″ 40 արդիւնք մը, գրաւեց երկրորդ դիրքը:
1000 մեթր վազքի մրցումներուն, Արին Գասապեան (Շանվիլ) 3′ 25″ 30 արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ` Սառա Ճօ Քըրթպաուիի (Շանվիլ) ետին (3′ 17″):
Տղոց 18-19 տարեկան դասակարգի 1000 մեթր վազքի մրցումներուն, լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ` շնորհիւ Մոհամետ Հաննուֆի («Ինթըր Լեպանոն»), որ արձանագրեց 2′ 35″ 50 արդիւնք մը: