Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբերին Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբին Մամլոյ Ասուլիսը
Յառաջիկայ հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2012-ին, Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբը պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` պաշտօնապէս անդրադառնալով կիրակի, 11 նոյեմբեր 2012-ին, տեղի ունենալիք Պլոմ Պէյրութ Մարաթոն 2012-ին, որ այս տարի կը կրէ` «Իթց օլ Ապաութ Ռանինկ» անունը:
Այս մամլոյ ասուլիսը, որ տեղի պիտի ունենայ «Ռիվիերա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ), յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, կը վայելէ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան զօրակցութիւնը:
CATEGORIES Մարզական