Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Պետրոսեան Եւ Կապուզեան Հանդիսացան Փոխախոյեան
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Չեխիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի պատանիներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Երէկուան մեր մարզական էջով տուած էինք լուրը, թէ 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանէն Հայկ Մարտիրոսեան, առաւելագոյն 9 կէտէն 8,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ ախոյեան:
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստան ունեցաւ երկու փոխախոյեաններ եւս:
14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ 7 կէտ ապահովելով Մանուէլ Պետրոսեան հանդիսացաւ երկրորդ:
Իսկ 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ նոյնքան կէտ ապահովելով իր կարգին երկրորդ հանդիսացաւ Յովհաննէս Կապուզեան:
16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Տիգրան Յարութիւնեան 6,5 կէտով գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստան ունէր 24 ներկայացուցիչ:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող այլ հայ մը` Աննա-Մարիա Ղազարեան (Հոլանտա), աղջկանց 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ հանդիսացաւ երկրորդ:

