Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մխիթարեան Եւ Ղազարեան Կոլ Նշանակեցին Իրենց Ակումբներուն Հետ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումները:

Պարագլուխի դիրքը գրաւող Շախտիոր Տոնեցք արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ ապահովեց առաւելագոյն 21 կէտը, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Քարփաթի Լվովի: Յաղթական կազմին երրորդ եւ վերջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան (41-րդ):

Հայաստանի հաւաքականին մէկ այլ մարզիկը` Գէորգ Ղազարեան, իր կարգին կոլ նշանակեց, երբ անոր կազմը` Մեթալուրկ Տոնեցք, 7-րդ հանգրուանին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Մեթալուրկ Զափորիզիայի: Ան իր կոլը նշանակեց 7-րդ վայրկեանին` բանալով մրցումին հաշիւը:

Մինչ Ղազարեան Ա. կիսախաղի դադարին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, անդին անոր խմբակիցները եւ ազգակիցները` Արտակ Եդիգարեան եւ Կարլեն Մկրտչեան, որոնք նկատի առնուած էին, իբրեւ պահեստի մարզիկներ դաշտ չներկայացան:

Այժմ Մեթալուրկ 8 կէտով կը գրաւէ 11-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )