ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Մէկէ աւելի տասնամեակներ է արդէն, որ աշխարհը կ՛անցնի տագնապէ տագնապ: Տակաւին մէկը չլուծուած` կը ներկայանայ յաջորդը: Ապահովականին կը յաջորդէ կամ կ՛ընկերակցի տնտեսականը: Յետոյ ուրիշը: Միջազգայինը: Շրջանայինը: Տեղականը: Ներազգայինը: Մէջընդմէջ` ահաբեկչական բազմազոհ գործողութիւնը:

Զգայուն ու մտահոգուող մարդու տեսակին համար զբօսանքի դադար չկայ: Համակարգչային դարաշրջանը յատկանշող արագութիւնը փոխանցուած է եղելութիւններուն: Ժամանակին մրցումը բարձրութեան մրցումն էր, հիմա` ոստիւնն ու մրցավազքը: Մեր օրերուն բարձրութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Բոլոր օդանաւերը կը թռչին շուրջ տասը հազար մեթրի վրայ: Ատկէ վերն ու վարը վտանգաւոր են, ինչպէս` հազարամեակներ առաջ Իկարոսի  առասպելական թռիչքի պարագային:

Իսկ վա՞ղը: Ի՞նչ պիտի պատահի վաղը, մանաւանդ անոնց, որոնք իրենք զիրենք դուրս կը պահեն ներկայ ժամանակներու խաղատեսակէն եւ օրն ի բուն կը տքնին իրենց մանր-մունր զբաղումներով: Մանաւանդ անոնց, որոնք տակաւին չսորված արդի ժամանակներու խաղը, սկսած են մոռնալ նաեւ նախորդը` բարձրութեա՛ն խաղը, որ զիրենք հասցուցած էր երկինքները, զիրենք  վարերը գտնուողներուն աչքին դարձուցած էր պաշտամունքի առարկայ իրենց մտածումներուն, իրենց վեհութեան, իրենց սխրագործութիւններուն շնորհիւ:  Տարվինի տեսութիւնը շատոնց դադրած է տեսութիւն ըլլալէ. ան գիտութեան կողմէ հաստատուած բնութեան անհերքելի օրէնքներէն է. կը վերապրի բնութեան պայմաններուն յարմարուողն ու ամէնէն կարողը: Իսկ բնութեան կը տիրանայ ան, որ պեղած ու գտած է անոր գաղտնիքները, ցանկագրած` անոր կարելիութիւնները, ամբարած է գիտութիւն`  դառնալու համար աւելի ատակ. աւելի ատակ` քան միւս բոլոր ատակները:

Տարվինի օրէնքը անշուշտ  ի զօրու է անհատներու, բայց նաեւ ու մանաւանդ անհատ տեսակներո՛ւ համար. անհատ հաւաքականութիւններո՛ւ համար: Այսօր չկան հոյամողէզները, չկան մամութները: Չկան նաեւ ազգային ու մշակութային ամբողջութիւններ: Չկան հիթիթները, չկան հիքսոսները, չկան բաբելացիները, չկան հոները: Կան անոնց այլափոխուած եւ ոչ անպայման բարեփոխուած բնախօսական յաջորդները, որոնք որդեգրած են այլ ինքնութիւն մը: Ինքնապահպանման բնազդը տիեզերական ըլլալով հանդերձ կան անհետացածներ, կան նաեւ դիմացողներ: Այսօ՛ր ալ կան մեղկեր, կան պայքարողներ:

Կայ մեզ հետաքրքրող հայկական ամբողջութիւն մը` հայրենիքով եւ սփիւռքով: Մինչեւ ե՞րբ: Այդ տեւողութիւնը կախեալ է անշուշտ արտաքին պայմաններէն, բայց նախ եւ առաջ`  հայութեան կամքէն, այդ կամքը շօշափելի իրականութիւն պահելու համար ի գործ դրուած միջոցներէն: Կամքի առկայութիւնը առանձին անհրաժեշտ` բայց բաւարար չէ շարունակականութիւնը ապահովելու համար, քանի  վերապրելու կամքը առկայ եղած է  բոլոր ապրող էակներուն մօտ, իսկ այդ էակներէն ոմանք այսօր չկան: Շրջապատի պայմանները անկախ են խնդրոյ առարկայի կամքէն:  Կը մնայ ունենալ, մէջտեղ բերել այդ պայմաններուն մէջ վերապրելու համար անհրաժեշտ միջոցները: Այդ միջոցները ձեռք կը բերուին քաղաքական պայքարով, մշակութային արժէքներ պահելով, բայց յատկապէս` նոր մշակութային արժէքներ ստեղծելով. տեւապէս. առանց դադարի: Բազմամակարդակ արժէքներ, որովհետեւ հարկաւոր է զարգացնել թէ՛ թիւ, թէ մանաւանդ` որակ: Այսօրուան զէնքը որակն է, որ (միշտ այդպէս եղած է) հաւանականութեան ուսողական օրէնքներով կը յառաջանայ թիւէն:

Երբ չկայ թիւը (եւ առայժմ չունինք), պէտք է արուեստական միջոցներով աւելցնել որակի խտութիւնը հաւաքականութեան մէջ: Հետեւաբար մեզի պիտանի միջոցները  բարձրացնո՛ղ միջոցներն են, անցեալի գաղափարակա՛ն միջոցներն են, օժտուած` արդիական գործնական առարկայական միջոցներով:

Որպէսզի կարելի ըլլայ հաշտեցնել հայութեան ֆիզիքական աննպաստ տարածութիւնը  ժամանակի տարածութեան հետ. կարելիութիւնը ստեղծելու համար ըլլալու ամէն տեղ եւ միշտ: Որպէսզի ըլլանք նաեւ ապագայի՛ մէջ, ինչպէս էինք անցեալին եւ կանք ներկայիս:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

18 ապրիլ, 2011

 

Share this Article
CATEGORIES