«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով «Ազդակ» նախ եւ առաջ կը հրատարակէ իր աւանդական բացառիկ համարը: Այս տարի եւս «Ազդակ»ի բացառիկին կ՛աշխատակցին Լիբանանէն եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէն աշխատակիցներ, մամուլի գործիչներ, մտաւորականներ, պատմաբաններ: Գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք, որ Հայաստանէն երիտասարդ թրքագէտներ եւ պատմաբաններ իրենց աշխատակցութիւնը կը բերեն «Ազդակ»ի ապրիլեան բացառիկին (բովանդակութիւնը` ստորեւ):

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջի բովանդակութիւնը թարմացած է արդէն ապրիլեան նիւթերով, որոնց առանցքը անշուշտ Ցեղասպանութեան եւ անոր հետ կապուած քաղաքական իրադրութիւններուն կը վերաբերի (բովանդակութիւնը` կողքի սիւնակներով): Ապրիլ ամսուան ընթացքին անիկա կը վերաթարմացուի նոր նիւթերով: Բովանդակութիւնը կը յղուի նաեւ համացանցի ընկերային ծառայութիւններու (ֆէյսպուք, Թուիթըր), ինչպէս նաեւ արաբական լրագրական շրջանակներու:

Ապրիլեան նիւթերու, խորհրդածութիւններու տեղ պիտի տրուի նաեւ ապրիլեան շաբթուան ընթացքին` օրաթերթի էջերով:

Շարունակելու համար վերջին տարիներուն ստեղծուած աւանդութիւնը` «Ազդակ» այժմէն իսկ կոչ կ՛ուղղէ սփիւռքի հոգեւոր թէ հասարակական բոլոր կազմակերպութիւններուն, իրենց երկիրներուն մէջ ցեղասպանութեան նիւթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն լրատուութիւններն ու թղթակցութիւնները արագ կարգով հասցնելու «Ազդակ»ին, որպէսզի կարելի ըլլայ հայկական աշխարհի 24 ապրիլի քարոզչաքաղաքական ձեռնարկներուն ամփոփ հանրագումարը  ներկայացնել մեր թերթին ճամբով:

 

Share this Article
CATEGORIES