ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ. 10,000 ՏՈԼԱՐ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ
Քաջալերելով «Ազդակ»ի աշխատանքները` ընկեր մը «Ազդակ»ի ֆոնտին նուիրեց 10 հազար ամերիկեան տոլար: Ան շեշտեց, որ իր անունը չյայտարարուի թերթով:
Ներկայ պայմաններուն մէջ այսպիսի քայլ մը մենք կ՛ընկալենք դժուարութիւնները յաղթահարելու հայ մամուլի առաքելութեան գիտակից` մեր ամբողջ աշխատակազմին սատար կանգնելու օրինակելի եւ քաջալերող երեւոյթ, ինչ որ կը գօտեպնդէ մեզ` հաւաքական աշխատանքով իրականացնելու մեր յառաջիկայ ծրագիրները:
«Ազդակ»ի տնօրէնութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ յարգելի ընկերոջ, որ ուզեց մնալ անանուն:
CATEGORIES Գաղութային