Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գաբրիէլ Ծ. Վրդ. Մուրատեանի Անդրանիկ Պաշտօնական Այցելութիւնը Հայաստան
Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան, ընկերակցութեամբ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, 18-24 օգոստոս իր պաշտօնական անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Հայաստան: Մեծաւոր հայրը այցելեց մասնաւորաբար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, Մատենադարան, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր եւ մշակութային կառոյցները:
Ընդունելութիւն Զուարթնոց օդակայանին մէջ, եւ հանդիպում
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ
Ռաֆայէլ արք. Մինասեան` Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդը, անձամբ ընդունեց Լիբանանէն ժամանած հիւրերը, շաբաթ, 18 օգոստոս 2012-ին` առաւօտեան ժամը 4:30-ին, Զուարթնոց օդակայանին մէջ:
Նոյն օրը` առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ռաֆայէլ արք. Մինասեան եւ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան, ընկերակցութեամբ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, այցելեցին Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ: Այս հանդիպումին ընթացքին խօսելով Լիբանան կատարած իր այցելութիւններուն մասին նախարարը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Զմմառու վանքին` ըսելով. «Ինծի համար Զմմառը դարձաւ այն վայրը, ուր իմ սրտիս մէկ կտորը թողեցի ու եկայ, որովհետեւ վանքը հայկականութեամբ է լեցուած: Անոնք, որոնք Զմմառու մասին քիչ գիտեն, հայկականութեան մասին քիչ գիտեն: Առաջին հերթին պէտք է մտածել Զմմառը հանրահռչակել»: Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան յատուկ գրութեամբ մը հրաւիրեց նախարարը` հոկտեմբեր 20-ին ներկայ գտնուելու Զմմառու վանքին մէջ Հայ Մշակոյթի կեդրոնի եւ Մատենադարանի վերաբացման հանդէսին, ինչպէս նաեւ Հայկական ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսին` հովանաւորելու այս ձեռնարկները: Հ. Յակոբեան մեծ ուրախութեամբ ընդունեց հովանաւորել այս ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ համաձայնեցաւ ապագային ծրագիրներ մշակել, որպէսզի Զմմառու միաբանութեան ներկայութիւնը աւելի շօշափելի դառնայ Հայաստանի մէջ: Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Ձայնաւոր սուրբ պատարագ Քանաքեռի մէջ
Կիրակի, 19 օգոստոս 2012-ին` առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան ձայնաւոր Ս. պատարագ մատոյց Քանաքեռի մէջ, առընթերակայութեամբ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի: Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածամօր դերին` իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին մէջ: Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ռաֆայէլ եպս. Մինասեանին հետ հիւրերը ուղղուեցան դէպի Գիւմրի, այցելելու համար Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանը, ինչպէս նաեւ Տիրամայր Հայաստանի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան տունը:
Հանդիպում` Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հետ,
եւ այցելութիւն` Թիֆլիս
Երեքշաբթի, 21 օգոստոս 2012-ին` կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր վեհարանին մէջ ընդունեց Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը, Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանը, եւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը: Այս այցելութեան նպատակն էր նախ շնորհաւորել վեհափառ հայրապետը իր ծննդեան 61-րդ տարեդարձին առթիւ, ինչպէս նաեւ աւելի մօտէն ծանօթանալ իրարու` ի սպաս հայ եկեղեցւոյ միութեան: Հանդիպումին աւարտին գերապայծառ Մուրատեան բաց հրաւէրով մը փափաք յայտնեց վեհափառին, որ Զմմառու վանք այցելէ եւ անոր նուիրեց Զմմառու Տիրամօր արծաթեայ պատկերը ու վանքի 250-ամեակին նուիրուած ոսկեայ մետալը: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արծաթեայ պատկերը նուիրեց գերապայծառին:
Միեւնոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընթրիքով մը պատուեց Հայաստանի առաջնորդն ու Լիբանանէն ժամանած հիւրերը:
Չորեքշաբթի 22 եւ հինգշաբթի, 23 օգոստոսին, պատուիրակութիւնը այցելեց Թիֆլիս (Վրաստան), ուր առաջին հերթին ծանօթացաւ ժողովրդապետութեան, տեղւոյն ժողովրդապետին` Միքայէլ վրդ. Խաչքարեանին, ինչպէս նաեւ շրջապտոյտ մը կատարեցին աւելի մօտէն ծանօթանալու քաղաքին:
Նշենք, որ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան իր այս ճամբորդութեան ընթացքին այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, Խոր Վիրապ, Հաղբատի ու Սանահինի վանքեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցի եւ Սեւանայ լիճ:
ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՓՈԽԱՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

