Նախկին Դպրեվանեցիներու Դպրեվանք Այցելութիւնը
Երեքշաբթի, 21 օգոստոս 2012, դպրեվանք այցելեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ուստըր քաղաքի հոգեւոր հովիւ Խաչատուր քհնյ. Պօղոսեան եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի հետ:
Նոյն օրը, դպրեվանեցիները ճաշով հիւրասիրեց Լոս Անճելըսէն Զօհրապ Աւ. Սրկ. Մանուկեան: Ճաշին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ տիրացուին դասընկեր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին մէջ ծառայող Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան:
Նարեկ սրբազան դպրեվանք այցելող հիւրերը դպրեվանեցիներուն ներկայացուց` ըսելով. «Որպէս դպրեվանեցիներ մենք ուր եւ կեանքի ինչ ոլորտի մէջ ալ որ գտնուինք, չենք կրնար մոռնալ մեր հոգեւոր եւ իմացական կազմաւորման օճախը հանդիսացող դպրեվանքը: Դպրեվանքի մէջ մեր անցուցած օրերը իրենց անջնջելի դրոշմը կը թողուն մեր ներաշխարհին վրայ, եւ երբ դպրեվանք կու գանք մենք զմեզ մեր հարազատ տան մէջ կը զգանք: Ուրախ եմ յայտնելու, որ երբ նախորդ շաբաթներուն Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ այցելեցի, հանդիպեցայ դպրեվանքով հետաքրքրուած բազմաթիւ նախկին դպրեվանեցիներու եւ հայորդիներու, որոնք մեծ սպասումներ ունին մեզմէ: Կը խոստանանք մեր կարելին ընել յուսախաբ չընելու համար մեր սիրելի վեհափառ հայրապետն ու մեր ժողովուրդի զաւակները»:
Հիւրերը եւս իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին դպրեվանեցիներուն եւ յայտնեցին, թէ իրենց հոգեւորականի եւ աշխարհականի ծառայութեան ոգին դպրեվանքին մէջ թրծուեցաւ:
Ապա, Նարեկ սրբազանին ընկերակցութեամբ, հիւրերը այցելեցին իրենց տեսուչ Արտաւազդ արք. Թրթռեանին եւ փոխտեսուչ Սուրէն արք. Գաթարոյեանին ու դպրեվանքին մէջ իրենց անցուցած ուսանողական քաղցր պահերը վերապրեցան:

