Հայրենի Կեանք

Վահագն Դաւթեանի Ծննդեան 90-Ամեակին Առիթով
Երեւանի Մէջ Յուշաքարի Զետեղում

1940. Վահագն Դաւթեան (աջին) Յովհաննէս Շիրազի հետ

Հայ անուանի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի մահէն 16 տարի ետք բանաստեղծին ապրած տան մէջ` Նայիրի Զարեան 80 հասցէով, 15 օգոստոսին բացումը կատարուեցաւ անոր դիմաքանդակ-յուշաքարին: Բանաստեղծը այդ տան մէջ ապրած ու ստեղծագործած է 1952-1996 թուականներուն: Բացման արարողութենէն առաջ Վ. Դաւթեանի արուեստի երկրպագուները եւ հարազատները ծաղիկներ զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ` Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ:

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան այս առիթով յայտնած է. «Ճիշդ նոյն տրամադրութեամբ եկած եմ այստեղ, ինչպէս  ամէն անգամ կ’այցելեմ մեր գրականութեան, մշակոյթի դասականներուն` մտովի վերյիշելով եւ վերագնահատելով զանոնք»: Լ. Անանեան Վահագն Դաւթեանը կը նկատէ բացառիկ երեւոյթ մը` ե՛ւ իբրեւ բանաստեղծ, ե՛ւ իբրեւ մարդ: «Նոր սերունդին համար համացանցային աղբանոցին մէջ` Դաւթեանի բանաստեղծութիւնը վերադարձ է դէպի  նախնական, բարոյական զուլալ ակունքները», աւելցուցած է Գրողներու միութեան նախագահը:

Վահագն Դաւթեանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ գտնուող տան մէջ ներկայիս կը բնակին անոր դուստրերը եւ թոռնիկները: «Այս տարիներուն կարծէք ան միշտ մեզի հետ է: Դժբախտաբար Վ. Դաւթեան տառապեցաւ  այնպիսի հիւանդութենէ մը, որ չկրցաւ երկար ապրիլ: Ուրախ եմ, որ 16  տարի ետք յուշաքար կը բացուի մեր տան մէջ», յայտնած է բանաստեղծին կրտսեր դուստրը` Յասմիկ Դաւթեան:

«Դիմաքանդակը փորձած եմ արտայայտել այնպէս, ինչպէս զգացած եմ, անոր արծուային հայեացքը, խոր, իմաստուն աչքերը: Վ. Դաւթեան մտաւորական էր, փիլիսոփայ եւ իսկական արաբկիրցի», ըսած է Վ. Դաւթեանի յուշաքարը հեղինակած քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան:

Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով կայացած յուշաքարի բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար  Հրայր Անտոնեան, մշակութային եւ հասարակական գործիչներ:

Տեղեկացնենք, որ կը նախատեսուի ստեղծել «Վահագն Դաւթեան» հիմնադրամ, ինչպէս նաեւ հրատարակել անոր ցարդ չհրատարակուած գործերը:

Պոլսոյ «Վարդանանց» Երգչախումբի
Եզրափակիչ
Ելոյթը Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի «Խմբերգային արուեստի օրերու» ծիրին մէջ Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ կայացաւ Պոլսոյ դպրաց դասի «Վարդանանց» երգչախումբի եզրափակիչ երգահանդէսը, որուն ընթացքին հնչեցին ինչպէս հայ մեծանուն դասականներու, այնպէս ալ աշխարհահռչակ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, ողջունելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան երգահանդէսի կազմակերպման համար շեշտեց, որ «Վարդանանց» երգչախումբը մասնակցելով «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին` դրոշմեց իր անմոռանալի կնիքը եւ բարձր պահեց պոլսահայութեան պատիւը: Ան մասնաւորաբար նշեց, թէ երգչախումբի անդամներուն մէկ մասը առաջին անգամն է, որ կը գտնուի Հայաստանի մէջ, եւ անոնք այնքան հիացած են, որ յարմար բառեր չեն գտներ արտայայտելու իրենց զգացումները:

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր կարգին նշեց. «Արդէն քանի մը ամիս է, որ «Իմ Հայաստան» փառատօնը կը կազմակերպուի եւ ընդունած է 40-է աւելի խումբեր, սակայն այսպիսի պատկառելի խումբ, այսպիսի պատկառելի առաջնորդութեամբ չէինք ունեցած: Երգչախումբին բարձրարուեստ կատարումները մեծ տպաւորութիւն ձգեցին  բոլորիս վրայ եւ մեր հոգիները խաղաղեցան եւ պարուրուեցան հոգեշունչ երաժշտութեամբ»:

Նախարարը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց պոլսահայութեան` Պոլսոյ մէջ հայկական աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները պահպանելուն համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց «Վարդանանց» երգչախումբի անդամներուն փայլուն եւ բարձրարուեստ կատարումները:

Այնուհետեւ Հ. Յակոբեան երգչախումբի ղեկավար Ատրուշան Հալաճեանը պարգեւատրեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով, իսկ երգչախումբի դաշնակահարուհիին` Լիւսի Գահվէճիօղլուին յանձնեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրը` իր ազգանուէր գործունէութեան, հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման եւ տարածման աշխատանքին մէջ ունեցած աւանդին համար:

Ծաղկաձորի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ
Լէոնիդ
Ենգիբարեանի Արձանին

Ծաղկաձորի բնակիչներուն եւ այցելուներուն յետայսու պիտի ողջունէ Լէոնիդ Ենգիբարեանը: 13 օգոստոսին Ծաղկաձորի կեդրոնական հրապարակին վրայ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի մասնակցութեամբ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Աշունը սրտում» ծաղրածուի արձանին: Քանդակը կը յաւերժացնէ «Թռիչք անձրեւանոցով» նշանաւոր մանրապատումէն դրուագ մը: Պրոնզէ արձանը տեղադրուած է շուրջ մէկ մեթր բարձրութեամբ կրանիթէ պատուանդանի վրայ` ընդհանուր առմամբ չորս մեթր բարձրութեամբ:

Արձանի բացման հանդիսութեան ընթացքին թատրոնի եւ վարպետութեան դասընթացքներու մասնակիցները միասնաբար նմանակեցին մեծ աճպարարին եւ ծաղրածուին ամէնէն նշանաւոր շարժումը:

Յիշեցնենք, որ Լէոնիդ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի փառատօնը Ծաղկաձորի մէջ սկսած էր 10 օգոստոսին եւ աւարտած` 15 օգոստոսին: Անիկա կազմակերպուած էր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնին, Ազգային թատերական ստեղծագործական միաւորումին եւ Ծաղկաձորի քաղաքապետարանին կողմէ: Փառատօնին մասնակցած էին անհատ մնջախաղացներ եւ մնջախաղի թատերախումբեր` տարբեր երկիրներէ:

Աճ Արձանագրած Է Լեռնային Ղարաբաղ
Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Թիւը

21 օգոստոսի դրութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է 10,667 արտասահմանցի զբօսաշրջիկ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն` աւելցնելով, թէ նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութեան տրամադրած տուեալներուն համաձայն, 2012 յուլիսին հանրապետութիւն այցելած է 3723 մարդ (2011-ի յուլիսին 2165-ի փոխարէն), իսկ օգոստոս 1-21` 3124 մարդ (2011-ի օգոստոսի 2870-ի փոխարէն):

2012-ի առաջին կիսամեակին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած են` 3820 արտասահմանեան քաղաքացիներ, որ 874-ով կամ 29.6 տոկոսով կը գերազանցէ 2011-ի նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: Եթէ 2011-ին 10 հազարերորդ օտար այցելուն Ղարաբաղի սահմանը հատած է հոկտեմբերին, ապա այս տարի` օգոստոսի սկիզբը:

Տարուէ-տարի կ՛աճի Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներուն հոսքը աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն, հակառակ անոր որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ խոչընդոտներ կը ստեղծուին:

«Պատահական չէ, որ երկրամասը աւելի ու աւելի յաճախ նկատի կ՛առնուի աշխարհի ամէնէն գրաւիչ զբօսաշրջային վայրերու վարկանիշներուն մէջ: Այստեղ օտարները կը հրապուրուին` պատմական հինաւուրց յուշարձաններով, ճոխ բնութեամբ, բնապահպանական առողջ միջավայրով, ինչպէս նաեւ բնակիչներու բարեացակամ եւ հիւրասէր վերաբերմունքով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Սփիւռքահայ  Գրականութեան Իւրացումը
Հայրենի
Ուսանողներուն Մօտ

Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի չորրորդ լսարանին մէջ վերջերս աւարտեցաւ երկու հանգրուանով սփիւռքահայ գրականութեան պատմութեան համալսարանական քննական դասընթացքը, որուն մասնակցած էին 97 ուսանողներ` 120 ժամ տեւողութեամբ: Դասընթացքը վարեց  բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեան: Ծրագիրին մէջ նկատի առնուած հեղինակներն էին` Յակոբ Օշական, Վահան Թէքէեան, Շահան Շահնուր, Համաստեղ, Յակոբ Մնձուրի, Վազգէն Շուշանեան, Կոստան Զարեան, Մուշեղ Իշխան, Զահրատ, Ռոպէր Հատտէճեան, Զարեհ Խրախունի, Ուիլիըմ Սարոյեան, օտարագիր հեղինակներ` Մայքըլ Առլէն, Անրի Թրուայան եւ ուրիշներ:

Նշենք, որ դասընթացքի աւարտին 22 ուսանող ստացաւ գերազանց գնահատականներ, ութը` լաւ, մնացեալը` բաւարար:

Առաջին հանդիսացաւ Վարսենիկ Պօղոսեան (40 միաւոր), երկրորդ` Լիլիթ Գուրուրեան (39.5 միաւոր), իսկ երրորդ` Անահիտ Մարտիրոսեան (38 միաւոր):

Տեղեկացնենք նաեւ, որ բոլոր գնահատականներու շահողները անխտիր ստացան «Սփիւռք» Գիտական-ուսումնական կեդրոնի` «Գերազանցութեան վկայագիրներ» եւ արժէքաւոր գիրքեր, որոնք յատկացուցած էին սփիւռքի հեղինակները եւ «Սփիւռք» Գիտական-ուսումնական կեդրոնի բարեկամները:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Ակնաբուժական
Ծրագիր Շիրակի Մէջ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Ֆրանսայի հայ բժիշկներու միութեան» հետ համագործակցաբար ակնաբուժական ծրագիր կը գործադրէ Շիրակի մարզի Աշոցքի շրջանի 21 գիւղական համայնքներուն մէջ:

Ծրագիրի ծիրին մէջ 12-17 օգոստոսին բժշկական քննութեան ենթարկուած են տեսողական խանգարում ունեցող նախադպրոցական եւ դպրոցական տարիքի 262 փոքրիկներ: «Ֆրանսայի հայ բժիշկներու միութեան» տրամադրած ժամանակակից սարքաւորումներուն միջոցով կատարուած է ախտորոշում եւ տրամադրուած համապատասխան ակնոցներ: Բժիշկներու խումբին հետ Հայաստան եկած են նաեւ մասնագէտներ, որոնք տեղւոյն վրայ կը պատրաստեն ակնոցները եւ կը յանձնեն փոքրիկներուն:

Քննութեան ենթարկուած փոքրիկներուն ծնողները գոհունակութեամբ խօսած են նախաձեռնութեան կարեւորութեան մասին: «Առանց գիւղէն դուրս գալու կրցանք գիտնալ մեր փոքրիկներուն վիճակին մասին եւ անոնց համար ակնոցներ ապահովեցինք», նշած է անոնցմէ մէկը:

Ակնաբուժական ծրագիրէն անմասն չեն մնացած նաեւ համայնքներու տարեցները: Գիւղերուն մէջ նախապէս կատարած հետազօտութիւններու լոյսին տակ 60-է աւելի տարիք ունեցող 861 բնակիչ ստացած է բժշկական ակնոց:

 

 

Հայաստանի, Սփիւռքի Եւ Արցախի Երգչախումբերը
Միասնաբար
Մեկնաբանեցին «ԷրեբունիԵրեւան» Երգը

Վերջերս «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի խմբերգային արուեստի օրերու ծիրին մէջ Երեւանի «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրին մէջ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի երգչախումբերը միասնաբար մեկնաբանեցին «Էրեբունի-Երեւան» երգը: «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծրագիրներու ղեկավար Սամուէլ Եարոյեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով է, որ նման տարողութեամբ երգչախմբային կատարում կը ներկայացուի Հայաստանի մէջ:

«Քիչերը գիտեն, որ 1968 թուականին Երեւանի 2750-ամեակի կապակցութեամբ տարբեր երգչախումբեր մեկնաբանեցին նոյն երգը, նոյն վայրին մէջ», դիտել տուաւ Եարոյեան: Անոր համաձայն, Սփիւռքի, Արցախի եւ Հայաստանի շուրջ 10 նուագախումբեր միասնաբար հանդէս եկած են` բացառիկ ներկայացում եւ իմաստ ունեցող կատարում հրամցնելով երաժշտասէր հանրութեան:

Նշենք, որ փառատօնի խմբերգային արուեստի օրերու ծիրին մէջ Հայաստան գտնուեցան սփիւռքէն 12 երգչախումբեր: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Յայտնենք, որ երգչախումբերը այցելեցին Հայաստանի պատմական տարբեր վայրեր, ինչպէս նաեւ անոնք ելոյթ ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանին մէջ` Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով:

Սեպտեմբեր 14-18-Ին Տեղի Պիտի Ունենայ
Տուտուկի
Փառատօն Հայաստանի Մէջ

Հայկական ժողովրդական գործիքի` տուտուկի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 14-18 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ:

«Առաջին համահայկական` «Իմ Հայաստան» փառատօնի առանձնայատկութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ այս տարի փառատօնի շրջանակներուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի տուտուկի փառատօն», յայտնած է Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, լրագրողներու հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Նախարարը նշած է, որ «Իմ Հայաստան» փառատօնը աւելի լայնածիր եւ համապարփակ շարունակութիւնը պիտի ըլլայ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնին, որ 2006 թուականէն ի վեր տարին երկու անգամ դրութեամբ կը կայանայ Հայաստանի մէջ:

Փառատօնի շրջանակներուն մէջ պիտի կայանան տարբեր ձեռնարկներ. 29 յունիսէն 10 յուլիս` Պարարուեստի օրեր, 14-18 սեպտեմբեր` Երգչախմբային արուեստի օրեր, 30 յուլիսէն 5 օգոստոս` Կատարողական արուեստի օրեր, եւ փառատօնը պիտի աւարտի Լրագրողներու վեցերորդ համահայկական համաժողովով, որ տեղի պիտի ունենայ 4-6 հոկտեմբերին:

Տեղեկացնենք, թէ «Իմ Հայաստան» փառատօնին կայացման համար կառավարութիւնը յատկացուցած է մօտաւորապէս 200 հազար տոլար:

Հայ Ոսկերիչները Ազգային Օր Պիտի Ունենան

Հայաստանի մէջ հոկտեմբերի վերջին կիրակի օրը այսուհետեւ պիտի ըլլայ «Ոսկերչի ազգային օր»: Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, նախագիծը ներառուած է կառավարութեան 23 օգոստոսի նիստի օրակարգին վրայ: Այս առնչութեամբ տեղ գտած հիմնաւորումին մէջ կը նշուի, որ նախագիծին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել կատարողական բարձր վարպետութեամբ յատկանշուող հայ ոսկերիչին դերը:

Հին Հայաստանի մէջ ոսկերիչները կը ստեղծագործէին բացառիկ ու շքեղ զարդեր: Անոնց արտադրութեան մէջ բնորոշ էին կառուցուածքային կատարելութիւնը, կատարողական բարձր վարպետութիւնը, շքեղ տեսքը, որոնց շնորհիւ կենցաղային եւ եկեղեցական սպասները, արդուզարդի առարկաները կը դառնային արուեստի կատարեալ գործեր: Օրինակ` Մարտիրոս Տարախչեանի պատրաստած արծաթեայ ոսկեջրած սափորը Փարիզի 1889 թուականի համաշխարհային ցուցահանդէսին ընթացքին արժանացած է ոսկի մետալի:

Նշանաւոր էին նաեւ վարպետներ Վահան Շահամիրեանի, Մարտին Իզմիրեանի, տոհմիկ ոսկերիչներ Տարախչեաններու, Կոշտոյեաններու պատրաստած իրերը:

Արուեստի այս ճիւղը, առ այսօր զարգացած է Հայաստանի, ինչպէս նաեւ այն վայրերուն մէջ, ուր հայեր կ՛ապրին, եւ անոնք դարձած են այս մարզին մէջ ակնառու դէմքեր:

Պատրաստեց՝
ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )