Մուսաուի Ընդունեց Ուաթքինզը

Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը եւ այդ իմաստով դրական տուեալները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան ներքին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Մուսաուի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ մնայուն կերպով կատարուող իսրայէլեան օդուժին թռիչքները, որոնք Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններ են: Ան դատապարտեց նաեւ Լիբանանը եւ անոր ենթակառոյցը թիրախ դարձնելու իմաստով Իսրայէլի վարչապետին մնայուն սպառնալիքները եւ անոնց նկատմամբ միջազգային լռութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )