«Լիբանանի Պետութիւնը Պէտք Է Բացայայտէ Հայր Մաքտիսին Սպաննողները» Շեշտեց Հայր Ապու Քասմ
Կաթողիկէ համայնքի տեղեկատուական կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմ անդրադարձաւ Տամուրի մէջ Էլի Մաքտիսի անունով քահանային սպանութեան` նկատել տալով, որ քստմնելի այդ ոճիրը կը դատապարտեն բոլոր լիբանանցիները եւ ոչ միայն քրիստոնեաները:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է բացայայտէ այդ սպանութեան դրդապատճառները եւ պատժէ ոճրագործները:
Հայր Ապտօ Ապու Քասմ ընդգծեց, որ Լիբանանի մարոնի միաբանութիւնը հիւսիսէն հարաւ ամբողջ Լիբանանի մէջ կը գործէ սուրբերու անունով եւ Աստուծոյ սէրը տարածելով:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ երեկոյեան շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են հայր Մաքտիսին սպաննողը:
CATEGORIES Լիբանանեան

