Սենտիքայական Խորհուրդը 6 Սեպտեմբերին Գործադուլ Յայտարարեց
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին որոշեց յառաջիկայ երեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին կրթութեան նախարարութեան շրջափակին մէջ ընդարձակ նիստ մը կատարել եւ յառաջիկայ 6 սեպտեմբերին ընդհանուր գործադուլ կատարել բոլոր նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն, նահանգապետութիւններուն, քաղաքապետարաններուն, դպրոցներուն եւ պետական ու սեփական վարժարաններուն մէջ, եթէ կառավարութիւնը 5 սեպտեմբերին գումարելիք իր նիստին ընթացքին աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացնէ:
Նիստէն ետք, Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ եւ Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ կոչ ուղղեց կառավարութեան վաւերացնելու եւ գործադրելու կրթութեան նախարարին կողմէ վարչապետարանէն յայտարարուած համաձայնութեան պայմանները, որոնք կը վերաբերին յաւելումներուն:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ առեւտուրի միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը դժոխային իրավիճակ ստացած է` աւելցնելով, որ առեւտրականները մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութենէն ետք: Ան ընդգծեց, որ իրենք կը միտին շուկաները ժամանակաւոր կերպով փակել, ապա հասնիլ մնայուն փակումի եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան:

