Քուէյթի Իշխանը Կ՛ողջունէ Պըրրիի Ջանքերը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Քուէյթի Սապահ Ահմետ Սապահ իշխանէն ստացաւ շնորհակալական նամակ մը, որուն մէջ իշխանը ողջունեց Պըրրիի ջանքերը` քուէյթցի քաղաքացի Իսամ Հութիի ազատ արձակումին առնչութեամբ:

Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահը Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քանայի յայտնեց, որ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը ճիգ չխնայեցին Հութին ողջ առողջ ազատ արձակելու:

Ան Քուէյթի իշխանին եւ քուէյթցիներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի եւ Քանատայի դեսպաններ Փաուլօ տի Վենթուրա եւ Հիլարի Չայլտ Էտըմզ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր երկրի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )