Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանը Սուրիոյ Հրդեհուող Հրապարակներէն Մէկուն Չվերածելու

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Նիստէն ետք երեսփոխան Ալեն Աուն նշեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են Թրիփոլիի իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ զօր. Աուն մնայուն կերպով զգուշացուցած է Թրիփոլիի միջադէպերէն, որոնք կը միտին Լիբանանն ու Թրիփոլին Սուրիոյ տագնապին մէջ ներքաշել:

Ալեն Աուն հաստատեց, որ Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն գծով համապատասխան արդիւնքներու կարելի է հասնիլ, եթէ կարելի ըլլայ դրդապատճառներուն ծանօթ ըլլալ:

Երեսփոխան Ալեն Աուն

Անդրադառնալով երեսփոխան Մույին Մերեհպիի խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու պահանջին` Ալեն Աուն մաղթեց, որ այդ քայլերը առնուին հետեւելով օրինական հոլովոյթին:

Ան շեշտեց, որ այս իմաստով արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի դէմ կատարուած ցեխարձակումները քաղաքական պատասխաններ են:

Ալեն Աուն շեշտեց, որ համախմբումը կը մերժէ Լիբանանը վերածել Սուրիոյ տագնապին շրջագիծին մէջ հրդեհուող հրապարակի մը: Ան կոչ ուղղեց աշխուժացնելու կառավարութեան աշխատանքը:

Զօր. Աունի Այցելուները

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ առաջ զօր. Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Ամալ շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ  Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Պեզզիի:

Հանդիպումէն ետք Պեզզի յայտնեց, որ իրենք զօր. Աունի յանձնած են իմամ Մուսա Սատըրի անյայտացման տարելիցին առիթով Նապաթիէի մէջ տեղի ունենալիք յիշատակի ձեռնարկին հրաւէրը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ հանդիպումին քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շեշտուած է կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ զօր. Աուն երէկ երեկոյեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ապահովական տագնապին պատասխանատու են երկրին ապահովական կառոյցներուն պետերը, որոնք թերացած են զգայուն հարցերը յարմար վայրկեանին լուծելու իրենց պարտականութեան մէջ:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ կարելի չէ չէզոք մնալ ամբողջ լիբանանեան շրջան մը թիրախ դարձնող ապահովական հարցերէն: «Երկրին տնտեսութիւնն ու ապահովութիւնը կարեւորագոյն երկու հարցերն են, որոնք ուղղակիօրէն կ՛ազդեն Լիբանանի վրայ», ըսաւ ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ոճրագործները հաշուետուութեան կանչելու իմաստով կառավարութիւնը կորսնցուցած է իր վստահելիութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES