Նախագահ Սլէյման Շնորհակալական Նամակ Մը Ստացաւ Քուէյթի Իշխանէն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շնորհաւորեց առեւանգուած քուէյթցի քաղաքացի Իսամ Հութիի ազատ արձակումը` յոյս յայտնելով, որ այդ հարցը չազդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ, որովհետեւ Քուէյթ մնայուն կերպով սատարած է Լիբանանին, զանազան մարզերու մէջ:
Նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որմէ խնդրեց իր ողջոյնները եւ քուէյթցիներուն նկատմամբ լիբանանցի ժողովուրդին սէրը փոխանցել Քուէյթի Սապահ Ահմետ Սապահ իշխանին:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ առեւանգումներ կատարող կողմերուն հետապնդումն ու հետաքննութիւնը պէտք է շարունակուի եւ անոնց ինքնութիւնը բացայայտուի:
«Յանցագործները մնայուն կերպով արդարութենէն եւ օրէնքէն փախուստ պիտի չտան, այլ` հաշուետուութեան պիտի կանչուին», ըսաւ նախագահ Սլէյման` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ազատ արձակել Լիբանանի մէջ առեւանգուած բոլոր քաղաքացիները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շնորհակալական նամակ մը ստացաւ Քուէյթի իշխանէն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան ազատ արձակելու համար Իսամ Հութին:
Սապահ Ահմետ Սապահ իշխանը ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որմէ իմացաւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու շրջագիծին մէջ կատարուող բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական որոշ հարցերու վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխաններ Ժըպրան Թոքն ու Ֆայսալ Տաուտը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:


