Թուրքիոյ Կրօնից Տեսուչէն Վիճելի Խօսքեր. «Իսլամական Աղօթատեղիները Պաշտամունքի Վայրեր Են, Ոչ Իսլամներուն Աղօթատեղիները Մեհեաններ Են»

«Մարմարա» կը գրէ, որ Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ փրոֆ. Մեհմետ Կէօրմեզ Եալովայի բարեսէրներու կողմէ կառուցուած մզկիթի մը բացման առիթով իր ըրած ճառախօսութեան մէջ վիճելի կարծիքներ յայտնեց միւս կրօններու աղօթատեղիներուն առնչութեամբ:

Եալովայի Չընարճըք գաւառակի Էսենգէօյ թաղամասին մէջ է, որ կառուցուած էր նոր մզկիթը: Իր ճառախօսութեան մէջ կրօնից տեսուչը ըսաւ, որ վերջերս մամուլին մէջ մզկիթներու ճարտարապետութեան մասին բանավէճ մը ստեղծուած է եւ ասիկա կ՛երջանկացնէ զինք, որովհետեւ կը տեսնէ, որ թուրք ճարտարապետները վերջապէս սկսան մտածել ու խօսիլ մզկիթի ճարտարապետութեան մասին: Ասիկա կարեւոր է այն տեսանկիւնէն, թէ Թուրքիոյ համալսարաններու ճարտարապետական բաժանմունքները եւ ճարտարապետները 80 տարի քէն պահեցին մզկիթներուն նկատմամբ եւ հանրապետութեան շրջանի յատուկ մզկիթի ճարտարապետութիւն մը չկրցան ստեղծել: Չկրցան ստեղծել, որովհետեւ քէնոտած էին: Հիմա կը մտածեմ, որ անոնք հաշտուած են մեր մզկիթներուն հետ: Ասիկա մեզ դէպի աւելի լաւը պիտի տանի:

Կէօրմեզ ասկէ անդին վիճելի մեկնաբանութիւններ ըրաւ, երբ իսլամական կրօնը բաղդատեց միւս կրօններուն հետ: Այն հարցումին, թէ ոչ իսլամ մը մզկիթ չի՞ կրնար շինել, կրօնից տեսուչը պատասխանեց, որ «այո՛, կրնայ կառուցել, Պոլսոյ մէջ մանաւանդ Սահմանադրութենէն ետք բազմաթիւ մզկիթներու ճարտարապետներ հայ հայրենակիցներ եղած են: Մէկը, որ մահմետական չէ, կրնայ մզկիթ կառուցել (ինշա), բայց չի կրնար մզկիթ մը բարեզարդել (իմար):

Մզկիթները թէ՛ մեր պաշտամունքի վայրերն են եւ թէ՛ մեր միասնութեան վայրերն են: Այն տեղերն են, ուր մենք մեր սիրտերը իրարու կը միացնենք: Միւս կրօններուն աղօթատեղիները մեհեաններ են:

Անոնց աղօթատեղիներուն ու իսլամական աղօթատեղիին միջեւ լեռներու չափ տարբերութիւն կայ: Մեր աղօթատեղիները մեհեան չեն (թափընաք), պաշտամունքի (իպատեթ) վայրեր են: Մենք շէնքերը չէ որ կը պաշտենք, այլ` մեր Աստուածը կը պաշտենք: Շատ մեծ տարբերութիւն կայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )