Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Պետութիւններու Սպայակոյտերու Պետերու Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան միացեալ կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու  պետերու աշխատանքային խորհրդակցութեան մասնակցելու նպատակով երէկ Մոսկուա մեկնեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին  պիտի քննարկուին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան զինուորական ռազմական բաղադրիչի զարգացմանն առնչուող հարցեր:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES