Կացութիւնը` Սուրիոյ Հայկական Թաղամասերուն Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Դամասկոսի արուարձաններէն Ճարամանա շրջանին մէջ երեքշաբթի գիշերուընէ սկսեալ քանի մը ականուած ինքնաշարժներ պայթած են:

Յիշենք, որ Ճարամանա շրջանին մէջ կը բնակին մեծամասնութեամբ տիւրզի համայնքի ընտանիքներ եւ քրիստոնեաներ: Վերջին երկու տասնամեակներուն շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են նաեւ շուրջ 400 հայ ընտանիքներ:

Երեքշաբթի կէսօրին տիւրզի համայնքէն անդամներու յուղարկաւորութեան ընթացքին ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ Թըրպէ թաղամասին մէջ` խլելով 12 զոհեր եւ պատճառելով տասնեակ մը վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական լուրջ վնասներ:

Հայկական առումով բացի պայթումին պատճառով թաղամասի տուներուն կրած թեթեւ վնասներէն, ոչ մէկ հայ վիրաւոր կամ զոհ կայ:

Նախորդ երկու օրերուն ընթացքին, Դամասկոսի եւ շրջակայքի գրեթէ բոլոր արուարձանները` Ժոպար, Զամալքա, Հարասթա, Քապուն, կ՛ենթարկուին ուղղաթիռներու ռմբակոծումի: Բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիր զինեալներու եւ սուրիական բանակին միջեւ Ճոպար, Ապպասիին եւ Զապլաթանի շրջաններուն մէջ` պատճառելով նիւթական վնասներ, ներառեալ` հայու մը ինքնաշարժը:

Իսկ Հալէպի պարագային, երեքշաբթի օր կրակոցներու ձայներ կը լսուէին Սուլէյման Հալապի եւ Պոսթան Փաշա շրջաններուն մէջ,  սակայն գրեթէ բոլոր հայկական թաղամասերուն մէջ որոշ հանդարտութիւն կը տիրէ:

Երէկ ուշ երեկոյեան խմբագրութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցին հետ, որ հաստատեց, որ Դամասկոսի Ժոպար թաղամասին մէջ երէկ անյայտ պայմաններու մէջ սպաննուած են երեք հայորդիներ: Անոնք են` 1963-ին ծնած Պետրոս Մաթոսեան, 1966-ին ծնած Գէորգ Մաթոսեան եւ 22-ամեայ Լեւոն Պետրոս Մաթոսեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • margo minassian kavjian 11 years

    PARK ASDOUDZO ,MEZ DEGHE DEGHVOUYN ,AZTAG TERTE HEDEVELOV ,MER HAYOUTIAN LOURERE GIMANANG ,ASDVADZ TSEZ OUJ OU GAMKI ZOROUTIOUN ,VORBES MNAK HAY AZKIN ARACHNORT .VARTSKERNIT GADAR .

  • Disqus ( )