ԿԱՐՍԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ՎԵՐՑՈՒՑԱԾ ԵՆ

Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ կիրակի օր Կարսի մէջ սկսած է հայ-թրքական «բարեկամութիւնը» խորհրդանշող արձանը վերցնելու աշխատանքը: Հակառակ անձրեւոտ եղանակին` աշխատանքները շարունակուած են մինչեւ ուշ գիշեր:

Վերցուելէ ետք արձանը պիտի բաժնուի երկու մասի, եւ այդ նպատակով Պոլիսէն բերուած են յատուկ մեքենաներ:

Նշենք, որ յուշարձանը քանդելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, որուն կարծիքով` անիկա «այլանդակ» էր: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, Էրտողան կատարած է Ալիեւի պահանջը:

Share this Article
CATEGORIES