23 ԱՊՐԻԼԻՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ
Լոնտոնի մէջ պիտի յարգուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը: 23 ապրիլին Լոնտոնի ամէնէն մարդաշատ փողոցներէն` Օքսֆըրտի մէջ, տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին: Քայլարշաւը պիտի սկսի ժամը 11:30-ին եւ պիտի աւարտի ժամը 14:30-ին:
Քայլարշաւին պիտի մասնակցին Լոնտոնի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ ուսանողներ:
CATEGORIES Հայկական