ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՄՏԱՀՈԳ Է

Միացեալ Նահանգներու ազրպէյճանական սփիւռքը նախագահ Պարաք Օպամային կոչ ուղղած է` 24 ապրիլի նախագահական տարեկան ուղերձին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրը չարտասանելու: Ազրպէյճանական սփիւռքի ներկայացուցիչները նաեւ կոչով մը դիմած են թուրքերուն եւ անոնց կողմնակիցներուն` կանխարգիլելու Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) 18 ապրիլի, իսկ 24 ապրիլի հայերու բողոքի ցոյցերը:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր համախոհներուն` հաւաքուելու Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ եւ թուրքերուն մեր աջակցութիւնը ցոյց տալու», յայտարարած են ազրպէյճանցիները:

Share this Article
CATEGORIES