Ճատրակ. 16 Տարեկանէն Վար Ողիմպիական. Լիբանանի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Թուրքիա
Երէկ, Պոլիս մեկնեցաւ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց ճատրակի հաւաքականը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ճատրակի ողիմպիականին, որ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով:
Խումբին մաս կը կազմեն Իպրահիմ Շահրուր, Նարեկ Նաճարեան, Մոհամետ Համմուտ եւ Ճօ Խէյրալլա:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նազարէթ Սէօքիւնեան:
CATEGORIES Մարզական

