Լիբանան-Իրան 2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցումին Տոմսակները Սկսան Վաճառուիլ

Երկուշաբթի, 27 օգոստոսին, սկսան վաճառուիլ Լիբանան-Իրան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին տոմսակները` Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2012-ին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Մարզական աւանին մէջ:

Սովորական թրիպիւններուն սակ ճշդուած է 10 հազար լիբանանեան ոսկի, Ա. դասակարգ` 25 հազար, պատուոյ թրիպիւնին վարը եւ վերը` 50 հազար, իսկ պատուոյ թրիպիւն` 100 հազար լիբանանեան ոսկի:

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան) տոմսակները կը վաճառուին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 16:00:

Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի հիւրընկալէ Աւստրալիան: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մարզական աւանին մէջ, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:

Ֆետերասիոնը տեղեկացուց նաեւ, որ Համբիկ Միսաքեան եւ Ժոզեֆ Ապի Շահին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քուալա Լամփուրի մէջ (Մալեզիա) տեղի ունենալիք Ասիոյ 2013-ի խաղերու մրցումներուն հսկող անձերու դասընթացքներուն:

Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած դասընթացքները ցարդ չունին յստակ թուական մը: Անիկա պիտի յայտարարուի յառաջիկային:

Վերջապէս, ֆետերասիոնը տեղեակ պահեց, որ 2-16 յուլիս 2012-ին Պէյրութի մէջ Գ. կարգի մարզիչի վկայագիր ստացած են Ժալալ Ռըտուան, Խալիլ Համմուտի, Մոհամետ Տահեր, Ռապիհ Համտան, Ժիհատ Ապի Նախխուլ եւ Փիթըր Փրոսփըր:

 

Share this Article
CATEGORIES