2012-Ի Փարալիմփիք Խաղեր. 160 Երկիրներու 4200 Մարզիկներ Պիտի Մասնակցին Խաղերուն
«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 160 երկիրներու 4200 մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 29 օգոստոսէն 9 սեպտեմբերին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք փարալիմփիք` սահմանափակ ֆիզիքական կարելիութիւններ ունեցող մարզիկներու ողիմպիական խաղերուն:
Ամէնէն շատ մարզիկները ունի Անգլիա` 288: Ապա, Չինաստան` 282 եւ Միացեալ Նահանգներ` 216:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը այժմ կը գտնուի Լոնտոն: 1 սեպտեմբերին 100 մեթր կուրծքի լողի մրցումներուն պիտի մասնակցի երեւանցի լողորդուհի Մարկարիթա Յովակիմեան, իսկ 5 սեպտեմբերին գիւմրեցի ծանրաբարձուհի Կրեթթա Վարդանեան` 48 քկ մրցումներուն: Հայաստանի նման Վրաստան եւս ունի 2 մարզիկ, Ռուսիա` 183, մինչ Ազրպէյճան` 23:
Շարունակելով իր լրատուութիւնը` «Արմենպրես» կը նշէ, որ Հայաստանի Փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ, Փիւնիկ հաշմանդամային մարմնակրթութեան հանրապետական միութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեանի տեղեկութիւններուն համաձայն, հայկական կառավարութիւնը փարալիմփիք մարզիկներուն նախապատրաստութեան համար յատկացուցած է շուրջ 6 միլիոն դրամ:
Նշենք, որ փարալիմփիք խաղերը, աւանդութեան համաձայն, կը յաջորդեն ողմիպիական խաղերուն: Անոնց հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 29 օգոստոսին, Լոնտոնի ողիմպիական մարզադաշտին մէջ` հովանաւորութեամբ Անգլիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը Լոնտոն 2012-ի փարալիմփիք խաղերէն Երեւան կը վերադառնայ 11 սեպտեմբերին: