Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները 3-1 Արդիւնքով Յաղթանակով Սկսան Մրցաշարքը

Երէկ` երեքշաբթի, 28 օգոստոսին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն յաջորդեցին Ա. հանգրուանի մրցումները:

Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից ունէր Պոլիվիան, 3-1 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը:

Տիգրան Պետրոսեան (2661), Գաբրիէլ Սարգսեան (2693) եւ Վլատիմիր Յակոբեան (2697) յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան (2698) պարտութիւն մը կրեց:

Երէկուան մրցումին մասնակցեցաւ Լեւոն Արոնեան:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, իրենց կարգին Հայաստանի աղջիկները նոյն արդիւնքը արձանագրեցին Յորդանանի դէմ:

Աննա Հայրապետեան (2203), Մարիա Քուրսովա (2338) եւ Լիլիթ Մկրտչեան (2454) յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Լիլիթ Կալոյեան (2454) պարտուեցաւ:

Նելլի Աղինեան երէկուան մրցումին չմասնակցեցաւ:

Լիբանանի տղոց հաւաքականը 3,5-0,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Սպանիայէն: Անթուան Քասսիս կէս կէտ մը յաջողեցաւ ապահովել Լիբանանի: Պարտութիւն կրեցին Ֆայսալ Խէյրալլա, Ֆատի Իտ եւ Ամրօ Ժաուիշ:

Իր կարգին, Լիբանանի աղջկանց խումբը պարտութիւն կրեց Պիելոռուսիայէն` 4-0 արդիւնքով: Պարտութիւն կրողները հանդիսացան` Մայա Ժալլուլ, Եումնա Մախլուֆ, Տանիել Պետրոսեան եւ Սարա Սահմիէ:

Միացեալ Նահանգներու տղոց խումբը, որուն մաս կը կազմէ հայազգի Վարուժան Յակոբեան (2617), 4-0 արդիւնքով յաղթեց Յորդանանի:

Նոյն արդիւնքով Ազրպէյճան յաղթեց Լիւքսամպուրկի: Սակայն Վրաստան պարտուեցաւ Եմէնէն` 3-1 արդիւնքով, իսկ հիւրընկալ երկիրը` Թուրքիա 4-0 արդիւնքով յաղթեց Թայլանտի:

Աղջկանց մրցումներուն հիւրընկալ երկրին` Թուրքիոյ հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Մոնկոլիայէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )