ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու քայլերը մէկ դրդապատճառի կամ քաղաքական մէկ ուժի վրայ կեդրոնացած չէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ սուրիական ամբաստանութիւններուն դէմ տրուած պատասխանները պատճառաբանութիւններ են, որոնք կը միտին այդ ամբաստանութիւնները սառեցնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Սուրիոյ հետ սահմանային իր հարցերը հանդարտութեամբ եւ խաղաղ կերպով լուծելու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան վարչակազմը որոշեց քաղաքացիական անվտանգութեան Միջին Արեւելքի գրասենեակին պատասխանատու նշանակել Սթիվըն Սայմընը, որ Հըզպալլայի հետ ուղղակի երկխօսութեան սկսելու ջատագովներէն է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ հիմնական երկու խոչընդոտներ, որոնք են` ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ ընդդիմադիր սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցը: Ան նկատել տուաւ, որ իր կարծիքով, յաջորդ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները հանրապետութեան նախագահի մասնաբաժինին մէջ պիտի չըլլան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը ոչ մէկ նոր առաջարկ ստացած է կառավարութեան կազմութեան առումով` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը բաւական դանդաղ կ՛ընթանայ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներուն շնորհիւ կարելի եղած է ձերբակալել 61 յանցագործներ, որոնք տարբեր յանցանքներով դատապարտուած են:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ օրերուն ընթացքին յաւելեալ անակնկալներ պիտի բացայայտուին, երբ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակուին այնպիսի անուններ, որոնք կը ներկայացնեն լիբանանցի այն անձնաւորութիւնները, որոնք միջամտած են Սուրիոյ ներքին հարցերուն եւ ֆինանսաւորած ու զինած սուրիական ընդդիմութիւնը, որպէսզի անիկա վարչակարգին եւ նախագահին դէմ դաւադրութիւններ սարքէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ երեքշաբթի նոր օր մըն է, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ նոր էջ մը բանալ` միջքրիստոնէական միասնականութեան ամրապնդման առումով:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ս. Զատկուան տօնէն առաջ կառավարութիւնը պիտի չկազմուի: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով խորհրդակցութիւնները արձակուրդի մէջ են:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը զօրակցի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ միջքրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու ջանքերուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան` շեշտելով բարեկարգումներ կատարելու սուրիական ղեկավարութեան ջանքերուն կարեւորութիւնը: Մուսաուի կոչ ուղղեց արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` նկատի ունենալով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն իրաւունքները եւ լիբանանեան համախոհութիւնը: