«ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ԱԶԴԵԼ ՄԵՐ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՎՐԱՅ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՆԻՔՈԼԱ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ մարոնի ղեկավարները հանդիպումի հրաւիրելու ժամանակը շատ լաւ է եւ ողջունելի: Ան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը էր եւ կը մնայ լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութեան եւ մերձեցման ջատագովը:

Նիքոլա մաղթեց, որ այդ հանդիպումը բարի եւ ուրախ աւարտ մը ունենայ քրիստոնեաներուն եւ ընդհանրապէս լիբանանցիներուն համար: Ան նշեց, որ պէտք է համբերել` տեսնելու համար, թէ այդ հանդիպումէն ի՛նչ դուրս պիտի գայ:

Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ այդ առումով նշուած արտաքին միջամտութիւններուն` Նիքոլա յայտնեց, որ քրիստոնեայ համայնքին լուսանցքայնացումը տակաւին իր սովորական ընթացքով կը շարունակուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հիմնական արգելքը այդ է:

Այլ գետնի վրայ ան հաստատեց, որ ո՛չ ոք կրնայ ազդել իրենց որոշումին վրայ` նկատել տալով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի միակն է, որ քաջ գիտէ, թէ ի՛նչ պատճառով է, որ կառավարութիւնը չի կազմուիր:

Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Մուսթաքպալ հոսանքին ուղղուած ամբաստանութիւններուն ակնարկելով` Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները պէտք է քայլերու դիմեն, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրներ կան:

Share this Article
CATEGORIES