ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ` այսօր Պքերքէի մէջ կատարուելիք միջքրիստոնէական հանդիպումին, որ յատկացուած է մարոնի չորս ղեկավարներուն` զօր. Միշել Աունի, Սլէյման Ֆրենժիէի, Ամին Ժեմայէլի եւ Սամիր Ժահժահի: Այս ծիրին մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ օրաթերթը կը նշէ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի մէկ յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կը շեշտէ, թէ աւելի ուշ պէտք է նաեւ կատարել աւելի ընդարձակ հանդիպում մը, որուն մէջ ներառուի նաեւ լիբանանահայութիւնը, յոյն կաթողիկէ համայնքը, ասորի համայնքը, ուղղափառ համայնքը եւ քրիստոնէական այլ համայնքներ, որովհետեւ կարելի չէ Լիբանանի մէջ անտեսել անոնց ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը:

– Ակնարկելով ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի ակումբին միջեւ պասքեթպոլի մրցումին ընթացքին արձանագրուած վերջին միջադէպին, որուն ընթացքին Ռիատիի համակիրները թրքական դրօշներով ուղղուած էին դաշտ եւ լիբանանահայութեան հասցէին վարկաբեկիչ խօսքեր արտասանած, երեսփոխան Ամմար Հուրի այցելեց Ռիատի ակումբի նախագահ Հիշամ Ժարուտիի եւ անոր փոխանցեց, թէ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի խիստ ընդվզած է Ռիատիի համակիրներուն ցուցաբերած այդ վարուելակերպին առնչութեամբ:

– Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ որդեգրուած կեցուածքը, որուն համաձայն, ուժային նախարարութիւնները որոշ համայնքներու համար նախատեսուած են, իսկ ոչ ուժային նախարարութիւնները` երկրորդական համայնքներու: Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ համայնքներուն հայրենասիրութիւնը ոչ ոք կրնայ կասկածի տակ առնել (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Անուար» եւ «Պայրաք» օրաթերթերը):

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով մատուցուած պատարագներու լրատուութիւններուն շարքին, օրաթերթը անդրադարձած է նաեւ հայկական եկեղեցիներուն մէջ այդ տօնին նշումին (Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Սատա Պալատ» օրաթերթը):

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Թուրքիոյ Կազի համալսարանին մէջ յառաջիկայ 26 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը` նուիրուած արաբական – թրքական յարաբերութիւններուն: Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Յորդանանեան համալսարանի միջազգային գիտութիւններու բաժանմունքին եւ Կազի համալսարանի մարդկային գիտութեանց բաժանմունքին կողմէ:

«ՍԱՖԻՐ»

– Վերլուծական յօդուած մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած ժողովրդային վերջին շարժումները Թուրքիոյ կողմէ կը նկատուին արաբական աշխարհի գարունը:

«ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ»

– Օրաթերթը կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ փոխադարձ այցելութեանց պարագային այցեգիրի դրութիւնը ջնջելու որոշումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES