ԿԱՆԱՅԻ ՍՊԱՆԴԻ 15-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին, Սուրի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան եւ Կանայի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման յանձնախումբին, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին,

Կանայի սպանդի նահատակներու դամբարանին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական ուժեր, ինչպէս` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն, Մարատա հոսանք, Ղովմի կուսակցութիւն, Հըզպալլա, Նասըրական շարժում, Ամալ շարժում, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւն:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին ներկայ բոլոր ուժերուն ներկայացուցիչները:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յ. Մխիթարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակչութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն վերադարձուց իր իրաւունքն ու ազգային արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլին փաստեց, որ պարտութեան դարը վերջ գտած է` Իսրայէլի դէմ ցուցաբերուած  լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ:

Յ. Մխիթարեան աւելցուց, որ Դիմադրութեան դերակատարութեան ու նահատակներուն թափած արեան շնորհիւ կարելի եղած է փրկել Լիբանանը:

Ան ընդգծեց, որ բռնագրաւումին դէմ Դիմադրութիւնը եւ երկրին գերիշխանութեան տէր կանգնելու յանձնառութիւնը իրաւունք է եւ պարտականութիւն` իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար:

«Լիբանանցի ժողովուրդը կը դիմադրէր թշնամիին եւ անոր հարուածներուն դէմ կը պայքարէր, երբ ամբողջ աշխարհին խիղճը կը քնանար: Հարաւային Լիբանանի բնակչութեան պատմութիւնն ու փորձառութիւնը  նման են հայ ժողովուրդին պատմութեան ու փորձառութեան` իր ինքնութեան պահպանումին եւ գոյատեւման համար իր մղած պայքարին առումով: Ապրիլ ամսուան ընթացքին մարդկութիւնը կ՛ոգեկոչէ թուրքին գործած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Իսրայէլի գործած Կանայի սպանդին յիշատակները: Այս ոճիրները իրենց արհաւիրքով ու տարողութեամբ ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենան այդ ոճիրները վկայած քաղաքացիներուն եւ յաջորդող սերունդներուն վրայ, իսկ հայոց Մեծ եղեռնին ու Կանայի սպանդին տարեկան դրութեամբ անդրադարձ կը կատարուի իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ», ընդգծեց Յովիկ Մխիթարեան:

Ամալ շարժումի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Սալեհ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիներէն ոմանք տակաւին կը շարունակեն երես դարձնել Դիմադրութեան եւ Կանայի սպանդին, որ գործուեցաւ ՄԱԿ-ի դրօշին ներքեւ` անդունդն ի վար գլորեցնելով անոր նկատմամբ վստահութիւնը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ երբ Կանայի մէջ տակաւին արիւն կը հոսէր, ոմանք թշնամի Իսրայէլին թէյ կը հիւրասիրէին:

Իր կարգին, Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Կանայի սպանդը փաստ մըն է, որ Լիբանանի կողմէ միջազգային ընտանիքին նկատմամբ գրաւ պէտք չէ դրուի, որովհետեւ անիկա սխալ հասցէ է եւ յուսախաբութեան պիտի մատնէ լիբանանցիները:

Մարատա հոսանքի քաղաքական  խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ Լիբանանի միակ միջոցն է միասնական ըլլալ եւ համախմբուիլ Դիմադրութեան շուրջ, որովհետեւ անոր յաղթանակներով լիբանանեան պետութիւնը կրցած է հպարտանալ ամբողջ աշխարհին առջեւ:

Այս առիթով ան մաղթեց, որ կազմուի Դիմադրութեան զօրակցող կառավարութիւն մը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամ, գաղթականներու հարցերու գործավար նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները կը գտնուին խղճի արթնութեան պահու մը դիմաց, նախքան երկրին կորուստը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Կանայի սպանդէն ետք 15 տարիներ անցած են եւ տակաւին այդ սպանդը գործող դահիճը կը մնայ անպատիժ: «Հետեւաբար, այս պայմաններուն ներքեւ, Լիբանանի նկատմամբ յանձնառու կարելի է ըլլալ` զօրակցելով Դիմադրութեան զէնքն ու զինամթերքը աւելցնելու կեցուածքին», շեշտեց ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութեանց պատասխանատու Նասիֆ Քազզի նշեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն յանցանքը այն է, որ անոնք ազատ եւ գերիշխան դիմադրողներ են եւ մարտիկներ: Ան նշեց, որ Կանա երկու անգամ յաղթած է. առաջինը` Կանայի հարսանիքի ընթացքին, երբ Յիսուս Քրիստոս ինքզինք յայտնեց իր կատարած առաջին հրաշագործութեամբ, իսկ երկրորդ անգամ, երբ արեան հարսանիք տեղի ունեցաւ եւ Կանայի նահատակներուն արիւնը յումպէտս չհոսեցաւ, այլ յաղթեց սուրին եւ իրաւունքը պարտադրեց աշխարհին:

 

Share this Article
CATEGORIES