Բերնի Այրուածքի Ախտանշան
Պատրաստեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Բերնի այրուածքի ախտանշան»-ը (burning mouth syndrome) յատուկ հիւանդութիւն մը չէ, այլ ախտանշաններու խմբաւորում մը, որոնց կարեւորագոյնն է` ներբերանի այրուածքային ցաւի զգացողութիւնը:
Այս գրութեան մէջ «բերնի այրուածքի ախտանշան»-ի բառախումբին փոխարէն պիտի գործածեմ «ԲԱԱ» եզրը` օգտագործելով երեք բառերուն սկզբնատառերը:
Լեզուի ծայրամասը, ոսկրային քիմքի յառաջամասը, կոկորդի եւ վարի շրթունքի ներքին բաժնի մակերեսը կ՛ազդուին առաւելաբար ԲԱԱ-էն:
ԲԱԱ-ի պարագային բերնի լորձնաթաղանթը կ՛ունենայ բնական վիճակ, առանց որեւէ մէկ ախտաբանական երեւոյթի կամ փոփոխութեան:
ԲԱԱ-ն կը պատահի որեւէ մէկ տարիքին եւ երկու սեռերուն ալ, բայց առաւելաբար նկատելի է տարիքոտ կիներուն մօտ: Ան կը սկսի անակնկալօրէն, առանց ազդանշանի եւ կը տեւէ տարիներ: Քիչ պարագաներուն ան կ՛անհետանայ շուտով կամ կ՛ունենայ մեղմ ընթացք:
Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս բերնի այրուածքային ցաւը ԲԱԱ-ին հիմնական ախտանշանն է, որ կը պատահի ամէն օր եւ երկար ժամեր: Բերնի այրուածքային ցաւը ընդհանրապէս կը սկսի առաւօտուն կամ կէսօրէ առաջ: Քիչ պարագաներուն ան կը յայտնուի յետմիջօրէին: Այրուածքային ցաւը առաջին ժամերուն կ՛ըլլայ մեղմ: Ան կը սաստկանայ կամաց-կամաց եւ գագաթնակէտին կը հասնի ուշ գիշերին:
Բերնի այրուածքային ցաւը կ՛ընդգրկէ լեզուին ծայրամասը, ոսկրային քիմքի յառաջամասը, կոկորդի մակերեսը եւ վարի շրթունքի ներքին բաժնի մակերեսը:
Բերնի այրուածքային ցաւին կ՛ուղեկցին նաեւ հետեւեալ ախտանշանները`
1.- Բերնի չորութիւն,
2.- Համի զգացողութեան խանգարում կամ փոփոխութիւն (dysguesia),
3.- Ջուրի պահանջք` ծարաւութիւն,
4.- Կծումային (tingling) զգացողութիւն բերնին մէջ կամ լեզուին ծայրամասը:
ԲԱԱ-ին պատճառը ընդհանրապէս անորոշ է: Նման պարագայի, ԲԱԱ-ը կը կոչուի hիմնական ԲԱԱ:
Յստակ եւ որոշ ազդակներով եւ պատճառներով յառաջացած ԲԱԱ-ը կը կոչուի երկրորդական ԲԱԱ:
Երկրորդական ԲԱԱ-ի յստակ եւ որոշ ազդակներն ու դրդապատճառներն են`
1.- Վատ սննդառութիւն,
2.- Ալքոլի եւ սիկարէթի գործածութիւն,
3.- Բերնի չափազանց գրգռութիւն` թթուային նիւթով հարուստ ըմպելիներով եւ ատամներու մաքրութեան օճառներով,
4.- Պէ.2, Պէ.6, Պէ.9 եւ Պէ.12 կենսանիւթերու, զինկի եւ երկաթի անբաւարարութիւն,
5.- Որոշ սննդանիւթերու եւ կերակուրներու նկատմամբ գերզգայնութիւն,
6.- Որոշ դեղերու գործածութիւն,
7.- Ատամնաշարի կազմուածք, սխալ նստուածք եւ անբնական ճնշում,
8.- Բերանի սնկային բորբոքումներ, օրինակ` բերանածաղիկ,
9.- Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն,
10.- Շաքարախտ եւ ենթավահանագեղձութիւն,
11.- Ներազդակային խանգարում դաշտանադադարի շրջանին,
12.- Հոգեբանական խանգարումներ եւ վերիվայրումներ` անձկութիւն, ճնշուածութիւն, ընկճուածութիւն եւ առողջութեամբ բնականէն աւելի մտահոգութիւն,
13.- Տարեցութիւն:
ԲԱԱ-ով կրնան զարգանալ հետեւեալ ախտաբանական երեւոյթները`
1.- Քնանալու եւ ուտելու դժուարութիւն,
2.- Անձկութիւն,
3.- Ընկերային կեանքի խանգարում:
Հիմնական ԲԱԱ-ի ախտապատճառներուն անորոշութեամբ` անոր դարմանումը կը դժուարանայ եւ կրնայ վերջնական եւ ամբողջական չըլլալ: Սակայն ան կը մեղմանայ հետեւեալ կողմնակի դարմանամիջոցներով`
1.- Ցաւաբեկ եւ չորութեան դէմ դեղերու գործածութեամբ,
2.- Յաճախակի հերթականութեամբ քիչ քանակութեամբ ջուր խմելով,
3.- Սառի կտորիկներ ծծելով,
4.- Պաղ ջուրով բերանը եւ կոկորդը ողողելով,
5.- Անշաքար ձիւթ ծամելով:
Շատ քիչ պարագաներուն հիմնական ԲԱԱ-ը կրնայ անակնկալօրէն անհետանալ կարճ ժամանակուան մը համար եւ վերայայտնուիլ նոյն դրութեամբ ու ուժգնութեամբ:
Երկրորդական ԲԱԱ-ի դարմանումը կ՛ըլլայ վերջնական եւ ամբողջական` դարմանելով անոր բուն պատճառը կամ պատճառները: Մինչ այդ կարելի է օգտագործել վերը յիշուած հիմնական ԲԱԱ-ի կողմնակի դարմանամիջոցները:
Մոնրէալ