Լուսանցանիշեր` Հարցազրոյցի Մը Առընթեր. Ինքնութիւն Եւ Պայքար (Դժուարին Վերանայումներ, Վերասահմանումներ)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Որոշ յապաղումով կ՛անդրադառնամ «Ազդակ»-ի յունիս 8-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Զաւարեանական էջ»-ի մէկ հարցազրոյցին, որ երկխօսութեան մը մէջ կը համատեղէ երկու երիտասարդուհիներ` լիբանանահայ Արազ Գոճայեանը եւ թրքահայ Ասլը Թիւրքէրը:

Չեմ գիտեր` բաւարար խորքով ըմբռնեցի՞նք տարողութիւնը երկխօսութեան այս երեւոյթին – եւ սկսելու համար` տարողութիւնը անոր մեկնակէտ «Ասլը-երեւոյթին»: Տարողութենէ աւելի, պէտք էր խօսիլ տակաւին` պարզ կարողականութեան մասին. երեւոյթները, իմ արժեւորումով որքան ալ աննախընթաց, իրենց իրացումը, իրականացումը պիտի կրնան գտնել միմիայն շնորհիւ մեր հաւաքական ատակութեան` զիրենք ընկալելու եւ գնահատելու…

ՄեկնակէտԵրեւոյթը

Նախ, ուրեմն, մեկնակէտ-երեւոյթը Ասլը Թիւրքէրն է` իր ընտանեկան պատմութեամբ, ինչպէս է պատմութիւնը թրքահայ մարտնչող իրաւաբան եւ պատմիչ-վկայ Ֆեթհիյէ Չեթինի մեծ մօր` Հերանուշի. ինչպէս են` այսօր ա՛լ դարո՜վ երկարած պատմութիւնները միւս բոլոր «ծածուկ հայերուն», պատմութիւնները անոնց «ցկեանս նահատակութեան» (ռահվիրայ-պեղարար սիրելի հեղինակի մը` ողբացեալ Գէորգ Աբէլեանի այնքա՛ն բնորոշիչ եզրով…): Եւ որոնք վերջին տասնամեակին աստիճանաբար հասած են ու կը հասնին լոյս աշխարհ:

Ապա` միշտ նոյն մեկնակէտ-երեւոյթին մաս կազմող` Ասլըի ստեղծած, դարբնած սեփական գաղափարական աշխարհը, յստակ եւ ամուր: Անոր ներքին ուժը, ուժականութիւնը: Երեւոյթներ, որոնք այս հարցազրոյցին արձագանգող հազուադէպ նամակներէն մէկուն բառերով` «պէտք է քննուին եւ արժեւորուին մե՛ծ լրջութեամբ, պատասխանատուութեամբ, լայն հորիզոնով, իրենց կազմած աննախընթաց կացութեան եւ գրաւին համապատասխան ձեւով»: (Նամականի «Ազդակ»-ի): Հրաւէր` լրջութեան եւ պատասխանատուութեան, ու միանգամայն` հարցերը լայն հորիզոնով ընկալելու –  հրաւէր ու թելադրանք, զոր կարելի չէ չբաժնել:

Նախ ուրեմն, հայրենի հողերու վրայ վերապրած «ծածուկ» հայութեան մը փաստը, ե՛ւ անոր գործօն տարրերու -հոգ չէ թէ` առայժմ սակաւաթիւ- ցուցաբերած մարդկային-գաղափարական նոր ուժականութիւնը, մեր չափանիշներով դժուար ըմբռնելի քաջութեամբ մը ընկերակցուած: Եւ որ արձագանգումով այսօր սկսած է հասնիլ` իբրեւ հայ սփիւռք վերապրած-վերաճած արեւմտահայութեան մնացորդացին, անոր մտաւոր-մշակութային ոլորտին, հեռաւոր Արեւմուտքէն մինչեւ Միջին Արեւելք:

Ընկալեալ Գիծերը Խախտող, Անհանգստացնող Վկայութիւն

Հոս կարիքը չեմ զգար վերառնելու հարցազրոյցին դրոյթները, մեկնաբանելու-վերլուծելու զանոնք. այդ չէ այս սիւնակին առաջադրանքը: Կ՛ենթադրեմ, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողները չեն մոռցած զանոնք (եթէ կարդացած են` արդէն դժուար թէ մոռնային…): Կը բաւէ քանի մը բառով յիշատակել մի քանի հիմնականներ, որոնք` թէեւ հովանաւորուած -չես գիտեր` ինչո՛ւ- ծամծմուած ու ոչ-թելադրական ընդհանուր խորագրով մը («Ես Հայ եմ…») մեծ մասամբ կ՛արտացոլան գրութեան այնքան թելադրական ենթախորագիրներէն.- «Հայացած եմ հանգրուան առ հանգրուան», «Թուրք ինքնութիւնս կ՛օգնէ ինծի եւ բոլորիս», «Պէտք է խօսիլ լեզուով մը, որ թուրքերը կը հասկնան», «Սփիւռքը կարիքը ունի ճանչնալու իր երկիրը»:

Արտասահմանեան հայ մամուլին մէջ («Ակօս», «Նոր Յառաջ»…), կը հանդիպիմ հարցազրոյցի մէկ ամփոփ տարբերակին, որուն խորագիրն ու ենթախորագիրները իրենց կարգին խօսուն են, նաեւ «անհանգստացնող», սովորութիւններ ականահարող.- «Մենք ենք հողին տէրը, ինչպէ՞ս օտար մնանք», «Ես թէ՛ ոճրագործն եմ, թէ՛ ալ զոհը»…

Եւ Երկխօսութենէ Մը Ծնող Հարցադրումներ

Այլապէս ուշագրաւ է Ասլըի զրուցակից եւ յօդուածը ստորագրող Արազ Գոճայեանի պարագան, երեւո՛յթ մը` իր կարգին: Հարցերը դնելու, նորովի քննարկելու իր մօտեցումը, գոնէ միջին-արեւելեան մեր աշխարհագրա-մշակութային գօտիին համար, կը գտնեմ աննախընթաց, եթէ նոյնիսկ Արեւմուտքի հայ համայնքներուն մօտ չափով մը գտած է իր տեղը:

Բայց, անգամ մը եւս, եթէ աւանդական հայեցիութեան միջավայրի մը համար, այսպիսի մօտեցում աննախընթաց է եւ աւելի՛ պայթուցիկ կը հնչէ,- ատով իսկ թերեւս կը դառնայ աւելի եւս խոստմնալի: Ասլը-երեւոյթով բեղմնաւորուած` անիկա կը խօսի խոր կարիքէն, պահանջէն` վերանայելու, վերասահմանելու մենք մեզ, մեր ինքնութիւնն ու պայքարի էութիւնը: «Ազդակ»-ի Նամականիին մէջ տեղ գտած երկրորդ նշմարի մը կտրուկ բառերով` «իսկապէս, ո՞վ է հայը…». կամ «հայոց լեզո՞ւն, քրիստոնեայ կրօ՞նքը, թէ՞ իր երակներուն մէջ հոսող հայկական արիւնն է, որ կը բնորոշէ անձի մը հայկականութիւնը»:

Ասլը-Արազ երկխօսութեան մէջ, երկրորդին` Արազի ներդրումը, քննական ու անկաշկանդ-անվախ, իր կարգին կ՛արտայայտուի մէջէմէջ, բայց մանաւանդ երբ կը հակի դէպի իր եզրակացութիւնը: Մի քանի կարեւորներ` յիշեցման կարգով.- «Դիմացս նստած Ասլըն կը մարմնաւորէր հայու եւ թուրքի յատկութիւններ: Հայ մը, որուն իւրաքանչիւր ապրում եւ արտայայտութիւն կը փորձէի նմանցնել իմիններուս, որպէսզի ինքզինքիս փաստեմ, թէ ես ալ այսպիսի դժուարութիւններէ անցած եմ ու կ՛անցնիմ իմ լիբանանահայ իրականութեան մէջ: Թուրք մը, որ կը պայքարէր Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ, որուն զոհերէն մէկն էր: Այս իսլամ թրքահայը ոչ միայն գիտէր Ցեղասպանութեան մասին, այլ ինքն ալ մէկ մեծ մասնիկն էր այս դատին»: Կամ` «շատ են Սսլըները, զորս պէտք է գտնել եւ կամ թոյլ տալ, որ անոնք մեզ գտնեն: Ասլըին արիութիւնը մեզի մտածել կու տայ, թէ ի՛նչ կարելի է սորվիլ մեր պայքարի ուղին ծաւալելու համար (…) Ասլըին` իր ինքնութեան վերատիրանալու յաղթանակը կը նկատուի մեր բոլորին յաղթանակը եւ Թուրքիոյ բռնատիրութեան պարտութիւնը: Ապտուլպաքիներու զաւակները մեր ալ զաւակներն են, որոնց կարիքը ունինք մենք, որքան որ անոնք մերինին (…)»: Ու տակաւին, ինքնաախտաճանաչումի հատու ակնարկով մը` «մէկ կողմէ սփիւռքի մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին կը ձուլուինք ու կ՛ուրանանք մեր ինքնութիւնը, իսկ միւս կողմէ շատ դիւրին կը դառնանք այլամերժ եւ անհանդուրժող»:

Անհանգստացնող, Բայց Փրկարար

Այսպիսի հաստատումներ, որոնք ա՛լ կարօտ իսկ չեն մեկնաբանութեան, կրնան անհանգստացնող, խանգարող ըլլալ մեզմէ ոմանց համար: Թերեւս ատով բացատրուի որոշ լռութիւն մը, որ հետեւեցաւ հարցազրոյցին ու անոր հարցադրումներուն – չհաշուած` վերը յիշատակուած «Նամականի»-ի մէկ-երկու արձագանգներ:

Արդեօք հրատապ այժմէութեամբ շրջանային կացութի՞ւն մըն է դիրքորոշային այսպիսի կենսական սրբագրութիւններէ հեռու` մեզ լուռ պահողը. այլապէս մտահոգիչ առօրեա՞յ մը… Չեմ գիտեր: Բայց պէտք է զգուշանալ մնայուն կերպով առօրեայ հոգերով քաշքշուելու փորձութենէն, որ յաճախ արդարացում է մտաւոր սովորամոլութեան: Ճիշդ ինչպէս զգուշաւորութեան, «խոհեմ» կասկածանքի կեցուածքը շատ անգամ կը ծածկէ վախ, խուճապ, նորի ու թարմարար, եթէ ոչ փրկարար անծանօթի կոյր մերժում...:

Յամենայն դէպս, կը մնայ մաղթել, որ այսպիսի հարցականներ չվերաբերին «Զաւարեանական էջ»-ի «Մեր Խօսքը» ներածականին. անիկա ալ` իր կարգին` զերծ չ՛երեւիր որոշ երկդիմութենէ, որոշ «գաղջութենէ», որոշ մինիմալիզմէ: Պէտք է մաղթել, որ էական հարցադրումներու հանդէպ չպակսի խլրտուն, «խանգարիչ» հետաքրքրութիւն մը, նորի որոնման անսանձ ձգտում մը` հարցադրումին տեղ տուող երիտասարդութեան` գոնէ աւելի արթուն, աւելի զգաստ մէկ կորիզին մօտ…: Ձգտում, ի դէպ, որ` կարելի չէ չնկատել ու չշեշտել հոս` կանացի՛ ուժականութեան  աղբիւրէ մըն է, որ կը մեկնարկուի…

*    *    *

Արդէն սկիզբը յիշուեցաւ, այս «Լուսանցանիշեր»-ը` հոս, իրենք իրենց կը վերապահեն պարզ յուշարարի, ցուցիչի դեր մը  (ինչպէս եղած են արդէն նոյն սիւնակագլուխին տակ երբեմն երեւցող այլ գրութիւններ): Անոնք չունին, չեն կրնար ունենալ ուրիշ ձգտում – մեկնաբանական-վերլուծական յաւակնութիւններ ու ախորժակներ: Միայն` ուրեմն` նշել, յուշել -այս պարագային` երիտասարդ ուժերու, երիտասարդ հոգիներու-, որ բոլոր գործընթացները, սկսած`  ինքնագիտակցումէ, ինքնասահմանումէ, ու հասնելով մինչեւ ինքնահաստատման պայքարները, անհատական թէ՛ հաւաքական,- ենթակայ են տեւական քննարկումի, խնդրարկումի, վերանայումի եւ վերահաստատումի:

Հայեցի ինքնութիւնը, իբրեւ հայ ինքնասահմանումը բացառութիւն մը չէ, չի կրնար ըլլալ` կենսային եւ հոգեւոր հոլովոյթներու անհամար ոլորտներու կարգին: Ամէն ժամանակ եւ իրադրութիւն, ամէն սերունդ` պարտի վերսկսիլ ինքնասահմանումի, ինքնաճանաչումի ճիգը, հեռու` սոսկական «պահպանումի» անկար, երկչոտ կեցուածքէն: Մեր հազարամեայ պատմութեան խորքային ընթերցում մը միայն ա՛յս դասը կու տայ մեզի – մնայուն ինքնա-վերասահմանումի, ինքնանորոգումի, ինքնահամադրումի դաս, ո՛չ ինքնակրկնումի, «հայապահպանումի»…: Պահպանողականութիւնը` մարդաբանական առումով, կրնայ համաշխարհային երեւոյթ ըլլալ, մարդկօրէն ըմբռնելի, որքան ալ` ստեղծարար թափ դանդաղեցնող, կասեցնող: Բայց… մե՛ր պայմաններուն մէջ սփիւռք դարձած հաւաքականութեան մը համար` անիկա ուղղակի ինքնասպանութիւն է:

 

«Ասլը-երեւոյթ»-ին առջեւ, «ծածուկ հայերու»` հարիւրամեայ իրենց կենդանի-գերեզմանումէն յառնումին առջեւ,- կասկածը, խուճապը վատ խորհրդատու են, երկարաձգուող անտարբերութիւնը, ինքնակրկնումը մա՛հ է: Մեր բոլորին պարտքն է, բայց յատկապէս` երիտասարդութեա՛ն պարտքը, կատարել զգաստ, բայց միշտ խլրտուն, միշտ անհանգիստ խնդրարկումը հայ ինքնութեան, ինքնասահմանումին…:

Ասլը-Արազ երկխօսութիւնը խոստմնալի սկիզբ մը կրնայ կայացնել այդ ճամբուն վրայ:

Պէտք չէ փախցնել առիթը: Երեւոյթը, նաեւ զայն ընկալող երիտասարդ «հսկող»-ներու երեւոյթը, կ՛ըսէի սկիզբը, կարողականութիւն են. այլ խօսքով` մասնակի երեւոյթներ  –  առայժմ: Եւ վախ կայ, որ կրնան այդպիսին ալ մնալ: Ուրեմն ամէն բան, ի վերջոյ, կախում ունի զանոնք գնահատելու, գրաւելու եւ տնտեսավարելու մեր կեցուածքէն, մեր ատակութեան աստիճանէն: Մեզմէ՛: Անգամ մը եւս` մանաւա՛նդ` երիտասարդութենէն:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )