Մաշտոց Քոլեճ. Նոր Դպրոցավայր, Նոր Ծրագիրներ Եւ Գործունէութիւն

Քանի մը ամիս առաջ Մաշտոց քոլեճը իր կրթական, վարչագիտական եւ հանրային ծրագիրներն ու գործունէութիւնը տեղափոխեց Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլի սրտին մէջ գտնուող իր նոր, ընդարձակ ու յարմարաւէտ համալիրը: Քոլեճի բազմապիսի ծրագիրներն ու ծառայութիւնները այսուհետեւ տեղի պիտի ունենան նոր համալիրին մէջ, որուն հասցէն է` 744 South Glendale Avenue (Կլենտէյլ եւ Ուինտսըր փողոցներուն քառուղի):

Մաշտոց քոլեճին կրթական ընդհանուր ծրագիրը կը ներառէ հետեւեալ տարբեր ծրագիրներն ու բաժինները.-

– Քոլեճային ուսմունք` վարչագիտութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր):
– Հայոց լեզու եւ հայագիտութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր):
– Մանուկներու խնամքի կեդրոն:
– Մանկավարժութեան դասընթացներ (վկայագիր):
– Երկլեզու դասաւանդութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր):
– Համակարգիչներու ուսմունք` տարբեր ծրագիրներ (վկայագիր):
– Յետ-դպրոցական ժամերու մասնաւոր դասաւանդութիւն (հայերէն եւ այլ առարկաներ)։
– Ընտանեկան եւ երիտասարդական կրթական գործունէութիւն:
– Շաբաթօրեայ հայերէնի դասընթացներ:
– Տարբեր լեզուներու դասաւանդութիւն (անգլերէն, սպաներէն, արաբերէն, պարսկերէն եւ այլ լեզուներ):
– Թարգմանչական արուեստ (վկայագիր):
– Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ գրադարան:

Քոլեճին նոր համալիրը օժտուած է յարմարաւէտ դասարաններով, գրասենեակներով, դահլիճներով, մանուկներու խնամքի կեդրոնի գեղեցիկ ու ապահով խաղավայրով, մարզասրահով եւ կահաւորուած մեծ խոհանոցով, որ կարելի է օգտագործել տարբեր հաւաքոյթներու ընթացքին:

Մաշտոց քոլեճին տնօրէն տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեան նշեց, թէ նոր համալիրը բացառիկ առիթ  կ՛ընձեռէ տնօրէնութեան եւ դասախօսական կազմին` լաւագոյն ձեւով եւ առաւելագոյն չափով ծառայելու մեր համայնքի, մասնաւորաբար հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան կրթական, գիտական ու մշակութային կարիքներուն: Ան ուրախութեամբ նաեւ յայտնեց, որ այս տարի եւս քսանամեայ քոլեճը արժանացած է պետական պաշտօնական վաւերացման, ինչպէս նաեւ մանուկներու խնամքի կեդրոնը արդէն ստացած է պետական վաւերացում:

Քոլեճի առաքելութեան ու ծրագիրներուն աւելի մանրամասն ծանօթանալու նպատակով, ինչպէս նաեւ արձանագրուելու համար կարելի է հեռաձայնել (818) 548-9345 թիւին:

Արձանագրութիւնները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են, եւ դասընթացները պիտի սկսին յառաջիկայ սեպտեմբերի 10-ին:

Share this Article
CATEGORIES