Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Ֆէյթրունի Մէջ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, կիրակի, 12 օգոստոսին Ֆէյթրունի Սաթելիթի համալիրի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան իր քարոզին մէջ մէջբերեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի շարականներէն տուն մը` նուիրուած Աստուածածնին, ուր Նարեկացի զինք կը ներկայացնէր իբրեւ մարդկային տեսքով հրեշտակ մը` աւելցնելով, որ Ս. Աստուածածնի հանդէպ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքը միշտ մեծ եղած է: «Աստուածամայրը եկեղեցւոյ մայրն է, եւ ոչ մէկ քրիստոնեայ իրաւունք ունի յուսահատելու», հաստատեց սրբազանը: Ապա ան խօսեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդութեան մասին, որ իւրայատուկ է մեր եկեղեցւոյ մէջ: Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը` հրաւիրելով զանոնք միշտ Աստուածամօր միջնորդութեան դիմելու առ Աստուած:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Այնուհետեւ Ռումիէի «Նասամաթ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի հաւաքոյթ: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Սարգիս Փարմաքսըզեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ թաղականութեան տարած եկեղեցանուէր գործունէութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ շինարարական աշխատանքներուն մասին, որոնք ներկայիս տեղի կ՛ունենան` յատուկ կերպով յիշելով առաջին յարկի սրահի ընդլայնումն ու բարեզարդումը, դահլիճի ընդարձակումը եւ վերնատան շինութիւնը բարերարութեամբ Պօղոս եւ Լուսին Գոնիալեան ամոլին` ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ որդւոյն` Կարոյի:
Ապա սիրոյ սեղանը շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ:

