Թուրքիոյ Մէջ Իրանի Օգտին Լրտեսութիւն Կատարող 10 Հոգի Ձերբակալուած Է

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իգտիր նահանգին մէջ Իրանի օգտին լրտեսութիւն կատարելու մեղադրանքով 10 մարդ ձերբակալուած է:

Յատուկ գործողութիւններու ընթացքին ձերբակալուածներէն երկուքը Իրանի քաղաքացիներ են, որոնք կը մեղադրուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող սուրիացի ընդդիմադիրներու մասին Իրանի իշխանութիւններուն տեղեկութիւններ հաղորդելու յանցանքով:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական յատուկ ծառայութիւնները ձերբակալուածներուն շուրջ մէկ տարի հետեւած են: Հաստատուած է, որ անոնք տեսանկարած եւ լուսանկարած են ոստիկանութեան շէնքերն ու զինուորական կառոյցները եւ հաւաքուած տեղեկութիւնները փոխանցուած են Իրանի յատուկ ծառայութիւններուն:

Բացի իրանցի քաղաքացիներէ, նոյն մեղադրանքով ձերբակալուած են նաեւ ութ թուրքեր: Յարուցուած է քրէական գործ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES