Ռոմնի Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Հանրապետական Կուսակցութեան Պաշտօնական Թեկնածու
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգին մէջ տեղի ունեցած Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին Միթ Ռոմնի` պատգամաւորներու անհրաժեշտ թիւով քուէները ապահովելով, եւ ինչպէս կը սպասուէր, պաշտօնապէս դարձաւ կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն:
Քուէարկութիւնը ուղիղ պատկերասփռուած է խորհրդաժողովի կայքէջին վրայ: Ռոմնին նախագահի պաշտօնական թեկնածու յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պոյնըր:
Ան ըսած է, որ «2061 քուէով նախագահի թեկնածու ընտրուած է Միթ Ռոմնի: Ան հաւաքած է առաւել մեծ թիւով ձայն, քան ինչ որ անհրաժեշտ էր»: Նշենք, որ նախագահի թեկնածու դառնալու համար Ռոմնի պէտք էր հաւաքէր 1144 ձայն:
Խումբ մը պատգամաւորներ իրենց ձայնը տուած են հանրապետական այլ թեկնածուներու` Ռոն Փոլին, Ներկայացուցիչներու տան անդամ Միշել Պաքմանին եւ նախկին ծերակուտական Ռիք Սանթորումին:
6 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն Ռոմնիի մրցակիցը պիտի ըլլայ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ներկայացնող, գործող նախագահ Պարաք Օպամա:
Օպամա պաշտօնապէս նախագահական թեկնածու պիտի ընտրուի յառաջիկայ շաբաթ` Հիւսիսային Քարոլայնայի Շարլոթ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին: