Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի հետ` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանի մէջ սուրիական գաղտնի սպասարկութեան համակարգին մաս կը կազմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արեւմուտքցի դեսպաններ, որոնց շարքին նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, ամենօրեայ դրութեամբ ոտնձգութիւն կը գործեն լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը բարձրացած է 1100 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 600 լ. ոսկիով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Միշել Սըմահայի հարցով կրնան անակնկալներ բացայայտուիլ եւ ապահովական կառոյցին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքին միջեւ խլրտումներ արձանագրուիլ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Միշել Սըմահայի հարցաքննութեան մանրամասնութիւնները կարելի եղած է սպրդեցնել ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի արտօնութեամբ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ տագնապին թղթածրարը Քաթարի մօտ պիտի մնայ, հակառակ այն իրականութեան, որ Լիբանան պիտի նախագահէ Արաբական լիկայի յառաջիկայ նստաշրջանը:

ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, ֆրանսական դատական իշխանութիւնները ապշած են Լիբանանի մէջ հեռաձայնային հաղորդակցութեան բոլոր տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն տրամադրութեան տակ դնելու  արտօնութեան համար:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ կոչ ուղղեց իսկապէս վերջ տալու ապահովական խախտում գործող կողմերուն հովանաւորութեան:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ քարիւղի հանքերուն պեղման աշխատանքը կ՛ուշանայ անոր յատուկ յանձնախումբին կազմութեան ուշացումին պատճառով: Ան աւելցուց նաեւ, որ յանձնախումբին կազմութիւնը իր կարգին յապաղում կ՛արձանագրէ անծանօթ պատճառներով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան աշխուժացումը անկարելի բան չէ` աւելցնելով, որ եթէ կառավարական կազմին իմաստով այլընտրանք մը չըլլայ, ապա իրենք դէպի անիշխանութիւն պիտի չուղղուին:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պատասխանատու չէ փողոցը գտնուող զինեալներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է բազմապատկէ իր ջանքերը` իմանալու համար իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ճակատագիրին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛ուզեն ստանձնել Սուրիոյ իշխանութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ Լիբանանը մուտք գործէ տագնապներու կամ ապահովական իրարանցումի հանգրուան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ ժամանակը հասած է փակելու Նապաթիէի պատմութեան մութ էջերը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի դիտել տուաւ, որ կարելի չէ Լիբանանի վերաբերող հարցերը սառած վիճակի մէջ պահել ներքին քաղաքական տարակարծութիւններուն պատճառով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները նիւթական հարցերու չեն վերաբերիր, այլ` պետական մարզի համակարգին վերակառուցման:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիա Լիբանանի հետ լաւ յարաբերութիւններ կը փափաքի հաստատել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց Սուրիական ազատ բանակին օժանդակելու Լիբանանի, որպէսզի ազատ արձակեն Սուրիոյ բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանցիները: Ան կոչ ուղղեց նաեւ բաց նստացոյց մը կատարելու կառավարութեան դէմ` մինչեւ անոր տապալումը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ ինք անձամբ հանդիպում ունեցած է Մահեր Ասատի հետ` շեշտելով, որ ան առողջական լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ նախկին նախարար Միշել Սըմահայի խոստովանութիւնները կը հաստատեն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մեղսակցութիւնը` Լիբանանի մէջ արձանագրուելիք պայթումներուն:

ՍՈՒՐԻՈՅ Ժտայտեթ Արթուզ շրջանին մէջ լիբանանցի մը սպաննուած է եւ անոր դիակը փոխադրուած է Լիբանան:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան նախագահ Ֆրանսուա Պասիլ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ այնպիսի պետութիւն մը, որ առանձին իրաւունք ունենայ օգտագործելու իր զինուորական ուժն ու կարողութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Ժարամանայի մէջ պատահած պայթումը:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ Թրիփոլին փրկուած է զինեալ բախումներէն` շնորհիւ լիբանանեան բանակին որդեգրած ապահովական խիստ միջոցառումներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )