Թեհրանի Մէջ Մանսուր Հանդիպում Մը Ունեցաւ Իրանի Փոխնախագահին Հետ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի փոխնախագահ, մշակոյթի, հնութիւններու եւ զբօսաշրջութեան պատասխանատու սէյիտ Հասան Մուսաուիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջական, մշակութային եւ հնութիւններու մարզերուն վերաբերող շարք մը հարցեր եւ անոնց շրջագիծին մէջ տեղի ունենալիք ապագայ գործակցութեան հեռանկարները:
Միւս կողմէ, Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Պըն Ալաուիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք բարելաւելու կարելիութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


