Մարտ 14-ի Ուսանողները Կը Պահանջեն Վտարել Սուրիոյ Դեսպանը

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ուսանողական թեւերը երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը` Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն մինչեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն:

Հարիւրաւոր ցուցարարները պահանջեցին վտարել Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին:

Ցոյցին իր մասնակցութիւնը բերաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, որ հաստատեց, որ 2005-էն ետք առաջին ցոյցն է ասիկա, որ կը կազմակերպուի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ դէմ:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն վտարել դեսպան Ալին, որովհետեւ չեն ուզեր կապ մը ունենալ սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդին դէմ Սուրիոյ ոճրագործ վարչակարգին հետ:

«Մենք կը պաշտպանենք Լիբանանի ու լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանի կառավարութեան հրաժարումին, որովհետեւ կառավարութեան այս կազմը իր ներկայութիւնը, օրինականութիւնը եւ ուժը կը ստանայ սուրիական վարչակարգէն:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի ընդունեց Ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որ զօրակցութիւն յայտնեց իրեն եւ դատապարտեց դեսպանին դէմ կատարուած ցեխարձակումները:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Ալի ընդգծեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները` դիտել տալով, որ Սուրիա յանձնառու է Լիբանանի հետ իր յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն քաղաքացիական անվտանգութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

Ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումին անունով խօսք առաւ Աշխատաւորներու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Զահեր Խաթիպ, որ հաստատեց, որ Սուրիոյ դեսպանին վտարումը պահանջող կողմերուն յիշողութենէն բացակայած է, թէ ինչպէ՛ս Լիբանանի մէջ արեւմուտքցի դեսպանները անպարկեշտ կերպով կը վարուին Լիբանանի հետ եւ անոր դէմ դաւադրութիւններ կը նիւթեն:

 

Share this Article
CATEGORIES