Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Սպանիոյ Դեսպանը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հեռնանտոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Հութ:
ՄԻՒՍ կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ քարիւղի յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացնելու աշխատանքը կը դժուարանայ` անոր շիի անդամին նշանակումին պատճառով:
CATEGORIES Լիբանանեան


