Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Խորհրդարանի դիւանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանին եւ խորհրդարանական յանձնախումբերու կազմութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան կողմէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ տնտեսական շրջան մը յառաջացնելու թղթածրարին քննարկումը ողջունելի է եւ դրական:

Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի համար նպաստաւոր է կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացումը, որովհետեւ քարիւղի պեղման թէ այլ որեւէ նուաճում` իր կառավարութեան պիտի վերագրուի:

«Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Պըրրի ըսաւ, որ ինք տակաւին չէ սերտած երեսփոխան Մույին Մերեհպիի անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու կարելիութիւնը, սակայն մօտիկ ապագային պիտի սերտէ:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք խիստ ընդվզած է Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական միջադէպերուն, յատկապէս ճամբաները փակելու առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES