Նախագահ Սլէյման Հասաւ Թեհրան
Երէկ երեկոյեան նախագահ Սլէյման պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Թեհրան` մասնակցելու համար Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովին:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ աւելի կանուխ Պաապտայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր նախագահած նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ նախագահին ներկայացուց յաւելեալ ելեկտրական հոսանք տրամադրելու նպատակով որդեգրուած քայլերը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն: Քննարկուեցաւ Լիբանանի իրավիճակը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Ընտրական բարեկարգումի քաղաքացիական արշաւի մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահին ներկայացուց իր մշակած ընտրական նոր օրինագիծը: