Շփման Գիծի Դիտարկումը Անցաւ Առանց Միջադէպերու
ԵԱՀԿ-ը երէկ զինադադարի դրութեան պահպանման դիտարկում կատարեց հայկական եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման գիծի Աղտամի հատուածին վրայ:
«Թրենթ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ դիտարկումը անցաւ առանց միջադէպերու:
Ազրպէյճանական կողմէն դիտարկումը իրականացուց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի գլխաւորութեամբ:
CATEGORIES Հայկական