Հոլլանտ Հերքած Է Ցեղասպանութեան Հարցը Դասագիրքերուն Մէջ Ներառելուն Իր Առնչութիւնը

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է, որ ինք տեղեակ չէ Ֆրանսայի միջնակարգ դպրոցներու դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ներառող փոփոխութիւններէն:

Ան «Հիւրրիյէթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ որոշումին հեղինակը ինք չէ, սակայն խոստացած է ճշդել եւ տեղեկացնել աւելի ուշ:

Թրքական օրաթերթի լրագրողը կը նշէ, որ Հոլլանտ զարմացած տեսքով նշած է, որ մինչեւ իսկ տեղեակ չէ դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած նման փոփոխութենէն: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախաձեռնութեան հեղինակը ինքը չէ՞, Հոլլանտ ըսած է. «Ո՛չ, կտրականապէս ոչ: Ես նման յանձնարարական չեմ տուած: Գիրքերուն մէջ փոփոխութիւնները համապատասխան յանձնախումբին կողմէ կը կատարուին»:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ այդ պարագային ո՞վ է նախաձեռնողը, Հոլլանտ խոստացած է ճշդել եւ տեղեկացնել աւելի ուշ:

Զրոյցը տեղի ունեցած է Էլիզէ պալատին մէջ կազմակերպուած նախագահի եւ շուրջ 200  դեսպաններու հաւաքի ընթացքին: Հոլլանտ նշած է, որ հաւաքին ընթացքին անդրադարձած է Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան` մասնաւորաբար յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան, Ամերիկայի, Ափրիկէի, Պրազիլի, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Թուրքիոյ հետ:

Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Լորեն Պիլի իր կարգին յայտարարած է, որ փոփոխութիւնը չէ կատարուած դիւանագիտական մակարդակով, սակայն ատիկա անակնկալ չէ եղած:

 

Share this Article
CATEGORIES