Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Շարժումի Վեհաժողովին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Նալբանդեան
30-31 օգոստոսին Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման վեհաժողովին Հայաստան պիտի ներկայանայ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Նշենք, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք պէտք է տեղի ունենար անդամ-պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը, սակայն Իրան պիտի մեկնի նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Կ՛ակնկալուէր, որ Թեհրան մեկնէր նախագահ Սերժ Սարգսեան: Այս գծով թէեւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մինչեւ այսօր չէր հրապարակուած, սակայն իրանական «Միհր» լրատու գործակալութեան այդ մասին յայտնած էր Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեան: Հայաստանը կազմակերպութեան մէջ դէտի կարգավիճակ ունի:
«Երկիր Մետիա» կը նշէ, որ աւելի կանուխ տեղեկութիւն կը շրջանառուէր, թէ Ազրպէյճանը, որ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է, պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ հարցերով դեսպան Եաշմար Ալիեւ: Սակայն Պաքու նորէն միտքը փոխած է, եւ ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մահմետեարով: Իսկ նախագահ Ալիեւի` վեհաժողովին չմասնակցելու փաստը փորձագէտները կը բացատրեն Պաքուի եւ Թեհրանի յարաբերութիւններուն սրումով: Վեհաժողովին փոխարէն Ալիեւ պիտի ուղեւորուի Պիելոռուսիա: