Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Ռազմափորձերը Տեղի Պիտի Ունենան Հայաստանի Մէջ
Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ ռազմափորձերը` «Համագործակցութիւն-2012»-ը, տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ 15-19 սեպտեմբերին:
Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի յատուկ նշանակութեան ուժեր եւ խումբեր, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի դէտեր:
Ռազմափորձերուն մասնակիցներուն թիւը մօտ 2000 է:
CATEGORIES Հայկական

