Պոլսոյ Մէջ Հայաստանի Եւ Ղարաբաղի Դրօշակներուն Ծածանման Լուրը Հնարած Են Ազրպէյճանցի Լրագրողները

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը, երէկ իր լուրը քաղելով Սպարտակ Մոսկուայի ֆութպոլի ակումբին պատասխանատուներուն կատարած յայտարարութիւններէն, բացայայտեց, որ Ֆեներպահչէ-Սպարտակ Մոսկուա «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի դարձի մրցումին, Պոլսոյ մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշակներու ծածանման լուրը երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ ատիկա հնարած են ազրպէյճանցի լրագրողները:

Ըստ ազրպէյճանցի լրագրողներուն, դաշտին թրիպիւններուն վրայ պիտի կարդացուին հետեւեալ գրութիւնները. «Թուրքիա, ճանչցի՛ր հայերուն ցեղասպանութիւնը, Թուրքիա վերադարձո՛ւր հայերուն հողերը»:

Սպարտակի համակիրներուն ներկայացուցիչները կ՛ըսեն. «Մենք, ինչպէս դուք ալ այս մասին տեղեկացած ենք համացանցէն: Բայց այս բոլորը ազրպէյճանցի լրագրողներուն մտքին թռիչքին արդիւնքն են. անոնք կը փորձեն քաղաքական կիրքերը բորբոքել` մրցումէն առաջ: Ինչ կը վերաբերի անոր, թէ Մուսթաֆա Քեմալի նկար այրուած է Մոսկուայի մէջ, այդ մէկը բաւական կասկածելի տեղեկութիւն է: Յամենայն դէպս, մենք մտադրած ենք բաւական ուշադիր ըլլալ այն բոլոր պաստառներուն, որոնք Սպարտակի համակիրները իրենց հետ պիտի տանին դաշտ»:

Նշենք, որ այս լուրին պատճառով (ինչ որ կրնայ իրականութիւն չըլլալ), Ֆեներպահչէի կայքէջահէնները կոտրած են Սպարտակի պաշտօնական կայքէջը եւ հոն զետեղելով Քեմալի նկարը, գրած. «Անմիջապէս ներում հայցեցէք թուրք ժողովուրդէն, ՖԻՖԱ-ն շատ հաւանաբար ուշադրութիւն չդարձնէ այս արարքին, բայց մենք թոյլ չենք տար, նմանօրինակ յանցագործութիւններ անպատիժ մնան»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES