Իրանի 44-րդ Համահայկական Խաղեր
Յառաջիկայ 13 սեպտեմբեր 2012-ին պաշտօնապէս կը սկսին Իրանի հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան 44-րդ համահայկական խաղերը, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն իրանահայ միութիւններն ու մարզական ազատ խումբերը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Արարատ մարզաւանին մէջ, ուր հաստատուած պիտի ըլլան միւս շրջաններէն մասնակցող մարզիկները:
Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մարզաձեւերը (երկսեռ)` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, ճատրակ, թեթեւ-աթլեթ, փինկ փոնկ, թենիս, լողարշաւ եւ պիլիարտ:
Մրցումներուն աւարտին, որոնք պիտի տեւեն մէկ շաբաթ, տեղի պիտի ունենայ բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւն` ախոյեանութեան տիրացած մարզիկներուն եւ խումբերուն:
Առ ի տեղեկութիւն յայտնենք, որ նախապէս Իրանի համահայկական խաղերուն կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ եւրոպական երկիրներէն հայկական մարզական խումբեր:
Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութիւնը, որ հիմնուած է 1944-ին, 1964-էն ի վեր համահայկական խաղեր կը կազմակերպէ` փորձելով այս ձեւով նպաստել հայապահպանման` իրանահայ գաղութի տարբեր շրջաններու սերտ յարաբերութեան եւ համագործակցութեան միջոցով:

